Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցան գրական ընթերցումներ Գրիգոր Պըլտեանի իր «Տեղագրութիւն» եւ «Մանտրաներ» գիրքերէն` ներկայութեամբ ընթերցասէր համեստ խմբակի մը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան: Ան ուրախութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ գրական այս հանդիպումը Գրիգոր Պըլտեանի գրական ձեռնարկներուն վերջինը կը նկատուի Պէյրութի մէջ:
Ապա խօսք առաւ Շաղիկ Մկրտիչեան` նշելով. «Գրիգոր Պըլտեանի գրական հանդիպումներն ու ձեռնարկները իրենց ամբողջութեան մէջ յաջողեցան լիբանանահայ հասարակութեան ծանօթացնել ոչ միայն Գրիգոր Պըլտեանը անձամբ, այլ նաեւ անոր գործերը: Գրիգոր Պըլտեանի գրականագիտական եւ վերլուծական ելոյթներէն ետք այսօրուան ծրագիրով կ՛անցնինք գործի` ընթերցելով անոր գիրքերէն հատուածներ»: Շաղիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ Գ. Պըլտեանի «Տեղագրութիւն» գիրքը, որ հրատարակուած է 1976-ին, ապա վերահրատարակուած` 1997-ին, կը խօսի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Պէյրութ քաղաքի քարուքանդ եղած վիճակին մասին: Եթէ էջերուն նայինք, ըսաւ ան, կը տեսնենք կտրատուած տողեր, պատառոտուած էջեր, որոնք կը զգացնեն պատերազմը: Ապա հրաւիրեց Նորվան արք. Զաքարեանը, որ իր կարգին ներկայացնէ, ապա կատարէ ընթերցումներ «Տեղագրութիւն» գիրքէն: Ան սահմանելով Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեան վարդապետութիւնը ըսաւ. «Անիկա կը ձգտի հողէն կտրուած մեր հաւաքականութիւնը ազատագրելու ելքի արարման եւ կը ձգտի իրականացնել սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մեր ինքնութիւնը ունենալու, պահելու արարումը»: