Նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Եղեռնի ոգեկոչման գեղարուեստական երեկոյ` «… Մինչեւ վերջին կաթիլը պիտի պայքարինք» խորագիրով:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան: Ան յայտնեց, որ թուրքը ձախողեցաւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու, թանգարանին մէջ 1 հայ ձգելու եւ Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն ջնջելու իր ծրագիրին մէջ, իսկ այսօր` 97 տարիներ ետք թուրքը մտահոգ է եւ իրաւունք ալ ունի մտահոգուելու, որովհետեւ Հայաստանը ջնջելու փոխարէն ան դէմ յանդիման կը գտնուի սփիւռքացած ոգեղէն եւ հոգեկան հայաստաններու` աշխարհի չորս ծագերուն: Հանտեան այս իմաստով շեշտեց, որ թուրքը անտեղեակ է հայու ներքին ուժին, որ ան մոխիրներէն կրնայ տուն, եկեղեցի, դպրոց, մշակութային կեդրոն եւ ակումբ շինել:
«Մեր պահանջատիրութիւնը հիմնուած է արդարութեան, իրաւունքի եւ համամարդկային չափանիշերու վրայ, եւ անիկա կրնայ ունենալ միայն ու միայն մէկ աւարտ, որուն անունն է յաջողութիւն»,- ըսաւ Յակոբ Հանտեան:
Խօսելով մշակոյթի պահպանման մէջ հայուն թափած ջանքին մասին` Հանտեան յայտնեց, որ մենք կրցանք կազմաւորել հայկական գաղութ, պահել հայկական դիմագիծ` կառչած մնալով մեր մշակութային արժէքներուն: Այս առնչութեամբ Հանտեան կոչ ուղղեց մշակոյթով պայքարելու Հայ դատի պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ, որովհետեւ մշակոյթի լեզուն հասկնալի է բոլոր ժողովուրդներուն համար:
Հանտեան ըսաւ, որ Համազգայինի աւանդութիւն դարձած է ապրիլ 24-ի յիշատակը ոգեկոչել արուեստի ճամբով` մեր պահանջատիրութիւնը ներկայացնելու արուեստի տարբեր մարզերուն ճամբով: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Արուեստն ու մշակոյթը դարձնենք մեր ամէնօրեայ կեանքի առանցքը, արուեստով զինուինք եւ զօրանանք` մեր արդար իրաւունքներով տիրանալու համար»:
Բացման խօսքէն ետք հերթաբար ելոյթ ունեցան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները: Այգ երգչախումբը ղեկավարութեամբ խմբավար Զաքար Քէշիշեանի մեկնաբանեց «Ave Maria», «Գետաշէն» եւ «Ապրիլ կրկին» երգերը:
«Արեգ» թատերախումբէն Սէրուժ Յովսէփեան ասմունքեց «Տէլէ Եաման»-ը` Ռոպերթ Առաքելեանի բեմականացումով: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը (նուագավար` Կարօ Աւեսեան) ներկայացուց փունջ մը նուագներ:
Բալիկ Լատոյեան դաշնակի, իսկ Հրակ Տեմիրճեան ջութակի վրայ նուագեցին Է. Պաղտասարեանի «Նոքթիւրն»-ը: Սարգիս Հալաճեան դաշնակի վրայ նուագեց «Վաղարշապատի պարը»:
«Արեգ թատերական դպրոցէն Սագօ Եագուպեան ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Ոգին ապրիլեան» բանաստեղծութիւնը:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, նուագեց «Զարթիր լաօ», «Արիւնոտ դրօշ» եւ «Արդեօք ովքեր են» երգերը:
Յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Գայեանէ» պարի դպրոցը 2 պարով (գեղարուեստական ղեկավար` Անդրանիկ Գրիգորեան), իսկ «Քնար» պարախումբը ներկայացուց սուրերու պարը (գեղարուեստական ղեկավար` Յովհաննէս Խաչիկեան):