Նէա Զմիռնիի «Իոնիքէս Եորթէս 2018» գեղարուեստական փառատօնի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի՝ 3 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, համանուն քաղաքի պուրակի ընդարձակ ու բացօթեայ թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց պարային ելոյթ մը, հովանաւորութեամբ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանին, կազմակերպութեամբ Հ. Յ. Դ. Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, եւ մասնակցութեամբ Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան պարի միաւորին, իր 3 խումբերով՝ «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ»:
Համազգային»ը անցեալին քանիցս գեղարուեստապարային համոյթներով հանդէս եկած է սոյն քաղաքապետութեան ամառնային փառատօնի ծիրէն ներս, սակայն այս տարուան ծրագրին նորութիւնը կը հանդիսանայ՝ Թեսաղոնիկէի «Համազգային»ի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբին մասնակցութիւնը, իր երկսեռ 17 հոգինոց կազմով, որոնք Աթէնքի «Համազգային»ի պարախումբին հետ ներդաշնակօրէն ընդելուզուեցան, միախառնուեցան, իբրեւ մէկ պարային միաւոր հանդէս գալով, ամէն տարուայ համոյթներու յաջողութեան բացառիկ նորութիւն մը աւելցնելով: Պէտք է ըսել, թէ այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուդցաւ Թեսաղոնիկէի «Համազգային»ի վարչութեան համադրումով եւ տեղւոյն «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի նիւթական աջակցութեամբ:
Երկու մասնաճիւղերու պարախմբային միացեալ համակարգուած ճիգով հանդէս գալու մտածումը՝ տարիներէ ի վեր կը գտնուէր վարչութեան սեղանին վրայ, մասնաւորապէս՝ միութեան արժանաւոր պարուսոյց ընկ. Էտկար Էկեանի գեղարուեստական ակնկալութիւններու եւ հեռանկարային ծրագրումներու եւ երազներու մէջ:
Այս տարի, ահա՛, այդ փափաքն ալ իրականացաւ, տարիներու ծրագիրներու բաց մը փակելով: