Երկուշաբթի 29 Յունուար 2018-ին, համազգայինի հրաւէրով պատմաբան Գլօտ Մութաֆեան ներկայացուց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի թանգարանի վերանորոգման ծրագիրը:
Մութաֆեան ըսաւ, որ կան մեծ թիւով գանձեր, որոնք չեն ներկայացուած հանրութեան եւ զբօսաշրջիկներուն. անոնք պահուած են ոչ լաւ պայմաներու մէջ: Այդ գանձերը՝արժէքաւոր իրեր, գորգեր, պատմական հրամանագրեր, Թորոս Ռոսլինի մանրանկարչութիւներ, Քիւթահեայի յախճապակիներ… կը մնան ոչ բացայատուած վիճակի մէջ:
Ներկայ Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի խնդրանքով այդ իրերը պիտի ցանկագրուին եւ զետեղուին թանգարանին մէջ` մնայուն ցուցադրութեան համար եւ պահպանման յատուկ պայմաներու տակ:
Այս հսկայական գործը ստանձնած են Ֆանսայէն պատմագէտ Յարութիւն Գեւորգեան, Գլօտ Մութաֆեան եւ Լիբանանէն Յարութ Պէզճեան: Աշխատանքը պիտի տեւէ մօտ երկու տարի:
Մութաֆեանի հետաքրքրական այս դասախօսութիւնը առիթ տուաւ բազմաթիւ հարցումներու: