Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, վերջերս Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ (Գանատա) տեղի ունեցաւ Զահրատի (իսկական անունով՝ Զարեհ Եալտըզճեան) նուիրուած յուշ-երեկոյ:
Զահրատի սերունդէն Արա Կարմիրեան, որ անձնապէս ծանօթ էր բանաստեղծին, հակիրճ խօսք-կենսագրական մը պատրաստած էր անոր մասին, որ կարդացուեցաւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ:
Այնուհետեւ, Զահրատի քերթուածներէն ընթերցումներ կատարուեցան Փերուզ Թասլաքեանի կողմէ, որմէ ետք Յարութիւն Պէրպէրեան, ուսումնասիրելով բանաստեղծի գործերէն ոմանք, ներկաներուն փոխանցեց անոր գրելու ոճը:
Զահրատ հարուստ բառապաշար ունենալով՝ տարբեր մակարդակի բարբառներ ունեցող տիպարներ կը ստեղծէ եւ առօրեայ խօսակցութիւնը կը փոխանցէ ամէնէն ճշմարիտ ոճով: Իր պարզ լեզուի օգտագործումը նաեւ թելադրական է:
Զահրատ իր կեանքի վերջին տարիներուն անընդհատ կը գրէր եւ գրելը պարտաւորութիւն կը նկատէր: Զահրատ ինքզինք Պետրոս Դուրեանի, Ռուբէն Սեւակի համեստ ժառանգորդը կը նկատէր: