Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած երեկոյի առիթով՝ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբը դարձեալ ջերմ եւ տօնական շունչ առած էր հայկական մշակոյթով՝ երգ ու պարով, Կիրակի՝ 9 Դեկտեմբեր 2018-ին:
Համազգայինի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը ձօնուած էր աշխարհի հայերու սրտի եւ կարօտի մայրաքաղաք Երեւանին, որ թէեւ մեզ հասած ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններու համաձայն 2800 տարեկան է, սակայն պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած բնակութեան հետքերը կը վկայեն Ք. ա. 6000 եւ աւելի տարիներու պատմութեան մասին:
Ներկայ էին Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէն, յունահայոց Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչը, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, «Ազատ Օր»ի ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր հասարակութիւն:
Հաղորդավարներու կողմէ ձեռնարկ բացումէն անմիջապէս ետք, հրաւիրուեցաւ «Սօս-Վանի» վարչութեան ատենապետ Ժագ Տամատեան՝ ողջոյնի խօսք ուղղելու ներկաներուն.- «Քանի մը շաբաթէն կ’աւարտի տարի մը, որ լեցուն էր յոբելեաններով եւ՝ զգացումներով: Իբրեւ մշակութասէր հասարակութիւն, գուժեցինք Շարլ Ազնաւուրի եւ Արա Կիւլէրի կորուստը: Տօնեցինք «Համազգային»ի հիմնադրութեան 90-ամեակը: Ազգային գետնի վրայ՝ նշեցինք Հայաստանի Անկախութեան 100ամեակը եւ Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակը: Լրացան 30 տարիներ Սումկայթի ջարդերէն եւ Սպիտակի ահաւոր երկրաշարժէն: Սակայն հայը, անգամ մը եւս, պողպատի նման զօրացաւ հարուածներէն, նորէն երգեց ու պարեց, ստեղծեց եւ դարձեալ՝ տօնեց: Այսպէս՝ հերթը հասաւ, որ տօնենք Երեւանի 2800-ամեակը: