Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում՝ նուիրուած «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեանի «Հայուհիի մը օրագրէն» գիրքին: Գիրքը ներկայացուց «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեան:
Բացման խօսքը արտասանեց Կարօ Աբրահամեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Սեդա Գրիգորեանի կենսագրական գիծերը եւ նկատել տուաւ, որ անոր կենսագրութիւնը իր անցած բոլոր հանգրուաններով` գաղափարական եւ զգացական ամբողջական անկեղծութեամբ, մաս կը կազմէ իր գրականութեան: «Սեդայի կենսագրութիւնը իր հրատարակած գիրքերուն մէջ է»,- հաստատեց Կարօ Աբրահամեան:
«Գիրքը կեանքին հետ բախումի պատմութիւն մըն է»,- ըսաւ Յակոբ Պալեան եւ նկատել տուաւ, որ այս գիրքին մէջ գտնուող 9 պատմուածքները եւ 20 հրապարակագրական գրութիւնները լաւ կամ վատ իրականութեան հետ բախում են, իսկ պատմուածքներուն հերոսները դրական թէ բացասական տիպարներ են, որոնք կու գան ժողովուրդի երակէն: Պալեան յայտնեց, որ Սեդա Գրիգորեանի պատմուածքները հաճելի կերպով կ՛ընկալուին ընթերցողին կողմէ, որովհետեւ ան պահ մը կը մոռնայ, որ գրականութիւն կը մշակէ եւ կը պատմէ:
Անդրադառնալով Գրիգորեանի հրապարակագրական էջերուն` Պալեան ըսաւ, որ այդ էջերը ժամանակագրութիւն են, որոնք կ՛արդարացնեն գիրքին «օրագիր» ըլլալու բնոյթը:
Ընթերցման հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում: