Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում` նուիրուած Սերոբ Շերպեթճեանի «Պատմութիւն սուէտահայերու» յուշագրական գործին:
«Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ գիրքը ընդարձակ լուսարձակ մը կը սփռէ ընդհանրապէս Մուսա լերան հերոսամարտի մանրամասնութիւններուն, մուսալեռցի ժողովուրդի ազատագրական պայքարին եւ այլ հարցերու վրայ: Ան բացատրեց, որ գիրքին դիպաշարը հիւսուած է վաւերագրական մանրամասնութեամբ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ գիրքի խմբագիր Եսայի Հաւաթեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հատորը, ինչպէս նաեւ կատարեց աշխատանքին արժեւորումը: Անդրադառնալով բովանդակութեան` Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ գիրքը կը ներկայացնէ մուսալեռցիներու պատմութիւնը` սկիզբէն մինչեւ 1939 թուականը: Գիրքը ունի 32 գլուխ, որոնք 6 տարբեր խումբերու կարելի է բաժնել. ա) Այս բաժինը նուիրուած է Մուսա լերան գիւղերուն, անոնց աշխարհագրական դիրքին, կազմաւորման, բ) Երբ հայկական կուսակցութիւնները Մուսա լեռ եկան, ի՛նչ աշխատանքներ տարին, անոնց գործունէութեան հիմնական երեսները, գ) Մուսա լերան հերոսամարտը, անոր նախապատրաստութիւնը, եւ մանրամասն պատմութիւնը, դ) Մուսալեռցիներու գաղթական կեանքը` 4 տարիներ Փոր Սայիտի մէջ, 1915-1919, ե) Մուսալեռցիներու վերադարձը իրենց հայրենի գիւղերը եւ 20-ամեայ կեանքը, զ) Մուսալեռցիներուն գերդաստանները որո՞նք են գիւղ առ գիւղ եւ անոնց մասին մանրամասնութիւններ` պատմական, ծագումնաբանական տուեալներ, թիւեր եւ այլն:
Ակնարկելով հատորի արժէքին` Հաւաթեան հաստատեց, որ Մուսա լեռը ազգային հանք է եւ անոր հանքերուն մէջ գանձերէն մէկն է այս հատորը: «Հատորը իր տեղեկութիւններով, մանրամասնութիւններով, թուական պատկերով եւ այլազանութեամբ գանձի համազօր արժէք ունի ընդհանրապէս հայութեան եւ ի մասնաւորի մուսալեռցիներուն համար», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ Շերպեթճեան բաւական աշխատանք տարած է պրպտումներ ընելով, որպէսզի ըսածը աւելի վաւերական եւ հաստատուն դառնայ: Ան հաստատեց, որ հատորը արժէքաւոր է իր տեղեկութիւններով եւ պատմական փաստերով` շեշտելով, որ հատորը մուսալեռցիներուն համայնագիտարանն է:
Աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու բանախօսին: