Շաբաթ, 3 Մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Վալանսի Théâtre de la Ville-ի մէջ, Համազգայինի Լեւոն Շանթ մասնաճիւղի թատերախումբը Սիմոն Մնակեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» կատակերգութիւնը` ներկայութեամբ աւելի քան 200 հանդիսատեսներու։
Մէկ ու կէս ժամուան տեւողութեամբ ներկայացումը աւարտեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով։ Ներկաները գնահատական խօսքեր փոխանցեցին դերակատարներուն՝ Համազգայինի նորակազմ թատերախումբէն ակնկալելով նորանոր նուաճումներ։
Երկար ատենէ ի վեր սպասուած Համազգայինի այս ձեռնարկը եզակի երեւոյթ մըն էր վալանսահայ գաղութին մէջ։