Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2012-ին, Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Ռոսինի» սրահին մէջ, Համազգայինի թատերախումբը ներկայացուց Յ. Պարոնեանի «Շողոքորթը»՝ 3 արարով, Սիմոն Մնակեանի բեմադրութեամբ։
Ներկայացման գլխաւոր հերոսն է Շողոքորթը՝ շողոքորթ Պապիկը, որ իր բնատուր ձիրքերուն շնորհիւ, ամենայն յաջողութեամբ դուրս կու գայ դժուար կացութիւններէն, որոնց տուն տուողն ալ իրականութեան մէջ ի՛նքն է, իր շողոքորթութիւններով, որոնք իրենց հասցէատէրերուն պատճառած խթանիչ հոգեվիճակով ստեղծած են այդ բարդ իրավիճակները։ Կատակերգութիւնը կ՚աւարտի այս ամբողջին՝ թիւրիմացութեան մը հետեւանքը ըլլալու ընդհանուր վճիռով։
Աւելի քան ժամ մը անդադար, հանդիսատեսները իրենց լիահագագ խնդուքներով «վարձատրեցին» դերասաններու տարած աշխատանքը, որ անուրանալի էր իր արդիւնքով։
Դերակատարներն էին՝ Մարալ Հարպոյեանը՝ տան սպասուհիին՝ Փարթէմի դերով. Կարպիս Պտղունի՝ 60ամեայ տանտէր Թադէի դերով, որ սիրահարած է 20ամեայ Սոֆիին. Անի Իփճեան՝ Թադէի քոյրը՝ 40ամեայ Թերեզան, որ իր կարգին սիրահարած է Թադէի որդեգրած՝ այժմ 20ամեայ Արշակին. Սիմոն Մնակեան՝ շողոքորթ Պապիկի դերին մէջ. Րաֆֆի Իփճեան՝ Արշակը, որ երկու սէր ունի՝ հայ բանաստեղծութիւնն ու Սոֆին. Զապէլ Գասպարեանը՝ Սոֆին, որ կը սիրէ իրեն սիրահարած վերոնշեալ երկուքէն բոլորովին տարբեր մէկը՝ Տիգրանը, զոր կը մարմնաւորէր Արմէն Մինասեան. Սոֆիի հօր՝ Յովսէփի դերին մէջ՝ Տիգրան Գրիգորեան, որ այլեւս չի գիտեր, թէ ո՛վ է իր աղջկան սիրահարը, որ միանգամայն պիտի կարգադրէ իրեն վերագրուած անարդար պարտքի հարցն ալ. եւ վերջապէս՝ Յովսէփենց տան ծառայի՝ Գէորգի դերին մէջ՝ Յարութ Հարպոյեանը։
Բեմայարդարումը ստանձնած էին դերակատարները իրենք՝ Րաֆֆի Իփճեան, Տիգրան Գրիգորեան, Կարպիս Պտղունի եւ Արմէն Մինասեան. Լոյսի եւ ձայնի վարիչ՝ Արթիւր Խաչոյեան, երաժշտութիւն՝ Ալեքսան Մնակեան, վարչական պատասխանատու՝ Շանթ Հարպոյեան, բեմավար եւ դիմայարդարում՝ Սօսէ Մնակեան։
Թ.Շ.
(Քաղուած՝ «Նոր Յառաջ», 13 Հոկտեմբեր, 2012)