Հայկական Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Թեսաղոնիկէի Հայ Մշակութային Միութեան Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղը կազմակերպած է Համազգայինի երգչախումբի վերակազմաւորում՝ Բարսեղ Կանաչեանի գլուխ-գործոց «Նանօր»ի ներկայացման համար։
Առ այդ, Հինգշաբթի 18 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաջին հանդիպումն ու փորձը յայտնի սիրուած երաժիշտ-ղեկավար՝ Եաննիս Գուքասի, ներկայութեամբ աւելի քան 20 մշակութասէր կամաւորներու։ Առաջին հերթին, Թեսաղոնիկէի Հայ Մշակութային Միութեան Համազգայինի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Տիրուհի Ղալիլէա-Գալֆայեան խօսք առնելով, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ դրուատիքով ներկայացուց երաժիշտ-ղեկավարը, ինչպէս նաեւ մաղթեց յաջողութեամբ աւարտել սոյն կարեւոր նախաձեռնութիւնը։ Ապա, երաժիշտ-ղեկավար Եաննիս Գուքաս իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի հայկական համայնքէն ներս եւ խրախուսելով ներկաները, մաղթեց անպայման յաջողութեամբ պսակուի սոյն յոյժ նախաձենութիւնը, ի յիշատակ մեր անմեղ զոհերու 100 ամեակի ծիրէն ներս։
Մօտաւորապէս 1 ժամ փորձ ընելէ ետք, ներկաները գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց տուները, յաջորդ հանդիպման ներկայ ըլլալու պայմանով՝ Երեքշաբթի 23 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, նոյն վայրին մէջ։
Երգչախումբին մաս կազմելու համար հետաքրքրուողները կրնան կապ հաստատել Տիրուհի Ղալիլէա-Գալֆայեանին հետ՝ 2310-342429 եւ 6947036116 թիւերուն եւ կամ եկեղեցւոյ
գրասենեակ՝ 2310-275352 թիւին։
«Ազատ Օր» օրաթերթ