Համազգայինի գրական միաւորի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ձեռնարկ մը, ուր հանդէս եկան երկու համալսարանական տաղանդաւոր երիտասարդներ Ալեն Տիշկրիքեանն ու Վազգէն Բարսեղեանը, առաջինը՝ Թոնդրակեան եւ Պաւլիկեան շարժումներուն մասին, իսկ Վազգէնը ներկայացուց Համշէնի եւ անոր երաժշտական գործիքներուն ու մշակութային կեանքին մասին, երգելով երգերու փունջ մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց գրական միաւորի անդամներէն Սաթենիկ Ղարաբաղցեան, որ անդրադարձաւ երիտասարդներ ներգրաւելու գրական միաւորի յստակ ծրագիրին մասին, յայտնագործելով անոնց տաղանդներն ու բեմ տրամադրելով իրենց, քաջալերելու Համազգայինի շարքերէն ներս անոնց ընդգրկումն ու ծաղկումը:
Այսպէս՝ Ալենին եւ Վազգէնին հետ սկսած էր հրաշալի հաղորդակցութիւն մը, որուն իբր արդիւնք, ծրագրաւորուեցաւ աննախընթաց ձեռնարկ մը, Համազգայինի վերանորոգուած կեդրոնին մէջ:
Առաջին հերթին՝ Ալեն իր վարժ ու համարձակ ելոյթով կրցաւ իր վրայ կեդրոնացնել սրահի ներկաներուն ուշադրութիւնը: Սահիկներու՝ Power Point-ի օժանդակութեամբ ան ներկայացուց իր ուսումնասիրութիւնը Թոնդրակեան եւ Պաւլիկեան կրօնական շարժումներուն մասին եւ անոնց առնչութիւնները հայ ժողովուրդի քրիստոնէական ըմբռնումներուն, մինչեւ իսկ Գրիգոր Նարեկացիի մօտ նկատուած անոնց մասին ունեցած որոշ հակումներուն մասին:
Ալենի ներկայացումը կատարուեցաւ վարժ ու հեզասահ հայերէնով, ապագայ համալսարանական դասախօսի մը բոլոր յատկանիշները իր մէջ ակնյայտ էին, կը մնար մասնագիտութեան տիրապետումն ու ուսման լրումը: