
Կիրակի, 4 Մայիս 2025-ի կէսօրէ ետք ժամը 2-էն սկսեալ, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ծրագրած արտասանական մրցոյթը՝ յիսունէ աւելի մասնակիցներով։
Տասնեակ տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած տարեկան մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ե.-ԺԲ. դասարաններէն աշակերտներ։
Մասնակիցները ժամը 2-ին հասած եւ նստած էին իրենց տեղերը։ Սրահի մուտքին, եռոտանիի վրայ գրուած էր ներկայացումներուն հերթականութիւնը։ Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր հանդիսատեսներով: Ներկայութեան ստուգումէն ետք, օրուան հանդիսավար Արմինէ Թորիկեան բացման խօսքը կատարեց։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ծնողներուն եւ մասնակիցներուն։
Թիւով յիսունչորս աշակերտները կու գային ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանէն, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանէն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ շաբաթօրեայ վարժարանէն։
Հանդիսավարը մասնակիցներուն բացատրեց, որ իւրաքանչիւր խմբակի առիթ տրուած է ընտրութիւն կատարելու չորս քերթուածներէ։
Դատական կազմի անդամներն էին տաղանդաւոր ասմունքողներ Քարոլին Խուշապէ եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան, նաեւ Համազգայինի գրասէրներու խմբակի անդամ, երիտասարդ ասմունքող Լոռի Պէրպէրեան։
Հանդիսավարը յատուկ կերպով նշեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուած տաղանդաւոր ասմունքող եւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Իրմա Գապաքեան Տէտէեանի անունը, որուն աշակերտներէն ոմանք բեմի վրայ պիտի ըլլային այդ օրը։
Սրտերը արագ-արագ կը տրոփէին։ Բոլորը կը սպասէին իրենց հերթին։ Գրական յանձնախումբի անդամներ Արմինէ Թորիկեան եւ Ռիթա Խաչոյեան յաջորդաբար յայտարարեցին մասնակիցներուն անունները՝ նշելով անոնց դասարանը եւ ներկայացնելիք կտորները։
Իւրաքանչիւր արտասանող իր իւրայատուկ արտայայտութիւնը ունէր․ հոգիով լեցուն, ժպտադէմ աշակերտներ, հայու ոգիով, երբեմն ըմբոստ, մանաւանդ երբ կը հնչէր «Ազատութիւն» բառը, հանդիսատեսներուն մարմինները կը փշաքաղուէին։ Պէտք է ըսել, որ ծափերը բարձր հնչեցին իւրաքանաչիւր ներկայացման աւարտին։ Իսկ ներկայացումներուն ուշադրութեամբ կը հետեւէին ոչ միայն դատական կազմին անդամները, այլ բոլոր սրահը։
Նման առիթներ ընծայուած են, որպէսզի մեր նոր սերունդի անդամները փորձառութիւն շահին՝ հանրութեան առջեւ հայերէն լեզուով արտայայտուելու եւ բեմական խօսք փոխանցելու։ Հետեւաբար, նպատակը մրցանակ շահիլը չէր։
Երբ բոլոր մասնակցողները ելոյթ ունեցան, Ռիթա Խաչոյեան յայտարարեց տասնհինգ վայրկեան դադար, որպէսզի դատական կազմը իր որոշումը կայացնէ։ Միջոցին, սուրճի եւ խմորեղէնի հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ՝ առիթ տալով ներկաներուն, որ իրարու հետ զրուցեն ու կարծիքներ փոխանակեն։
Դատական կազմին գործը երբեք դիւրին չըլլար այսպիսի պարագաներու։ Խղճամիտ եւ ուշադիր քննարկումներէ ետք, ժամը հասած էր արդիւնքներուն։ Արմինէն եւ Ռիթան միասնաբար յայտարարեցին մրցանակ շահողներուն անունները․
Հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններէն՝
Ա. Մեղրի Պարտիզպանեան («Կեանքից թանկ բանը», , Ա. Իսահակեան)
Բ. Յակոբ Կիրակոսեան («Կեանքից թանկ բանը», Ա. Իսահակեան)
Գ. Մելանիա Սարգիսեան («Կեանքից թանկ բանը», Ա. Իսահակեան)
Յիշատակութեան արժանի` Յովսէփ Էլէյճեան («Լուսաւորչի կանթեղը», Յ. Թումանեան)։
Եօթներորդ, ութերորդ եւ իններորդ դասարաններէն՝
Ա. Թերեզա Պէրպէրեան («Հիւղը», Մ. Մեծարենց)
Բ. Փաթիլ Սարգիս («Ազատութիւն», Մ. Նալպանտեան)
Գ. Սեդա Սօֆիա Գանտահարեան («Հիւղը», Մ. Մեծարենց) եւ Ծովինար Սարգիսեան («Ազատութիւն», Մ. Նալպանտեան)
Յիշատակութեան արժանի ` Անդրանիկ Մելքոնեան եւ Լիլի Կարապետեան («Ազատութիւն», Մ. Նալպանտեան)։
Տասներորդէն տասներկուերորդ դասարաններէն՝
Ա. Լարա Տէր Մինասեան («Մօր ձեռքերը», Պ. Սեւակ) եւ Մովսէս Տանատեան («Խաչբուռ», Դ. Վարուժան)
Բ. Կալիա Թիքճեան («Մօր ձեռքերը», Պ. Սեւակ)
Գ. Ժպիտ Քէշիշեան եւ Էդգար Շահնազարեան («Մօր ձեռքերը», Պ. Սեւակ)։
Ըստ ընկալուած սովորութեան, բոլոր մասնակցողները ստացան հայերէն գիրքեր։ Սիրայօժար տրամադրուած գիրքերուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան։ Իսկ նախակրթարանի եւ միջնակարգի գիրքերը տրամադրուած էին Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրադարան-գրատարած յանձնախումբին կողմէ։
Մրցանակ շահողները ստացան մրցանակագիր, նաեւ մուտքի տոմսեր՝ Համազգայինի երգչախումբի եւ պարախումբի տարեկան ելոյթներուն։
Խմբային լուսանկարէն յետոյ, դատական կազմին կողմէ խօսք առաւ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան՝ «տօնախմբութիւն» կոչելով ստեղծուած պատկերը։. Յիսունէ աւելի մասնակցողներու որակաւոր արտասանութիւնները սիրտ ջերմացուցին։ Ան շեշտեց կարեւորութիւնը այս մրցոյթներուն՝ խրախուսելով բոլոր մասնակցողները, որ շարունակեն։ «Այսօր մրցանակ եթէ չշահեցաք, չի նշանակեր, որ լաւ արտասանող չէք»։ Ան նաեւ շեշտեց մասնակցութեան կարեւորութիւնը լեզուի գործածութեան եւ ասմունքի արուեստին զարգացման մէջ։
Ապա, ան բարձրախօսը յանձնեց մասնակցողներէն Փաթիլ Սարգիսին, որ իր սրտին խօսքը փոխանցեց։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին, եւ իր մրցանակը նուիրեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուած սիրելի ուսուցչուհիին՝ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանին։
Ռիթա Խաչոյեան
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025 (#214) թիւին մէջ: