Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 15 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտներուն 2017-2018 տարեշրջանի տարեկան ցուցահանդէսին բացումը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի մուտքի մեծ սրահին մէջ, ներկայութեամբ աշակերտներուն, ծնողներուն եւ արուեստասէր բազմութեան:
«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ ձեւով զեկուցական մը ըրաւ ընթացաւարտ տարեշրջանի աշակերտներուն սորված նիւթերուն, աշխատելաձեւին եւ արտադասարանային ձեռնարկներու մասնակցութեան եւ ակադեմիային կողմէն կազմակերպուած աշխատանքային պտոյտներուն մասին: Նաեւ անդրադարձաւ յառաջիկայ տարեշրջանին համար նկատի առնուած աշխատանքներուն, որոնք պիտի գան ամրապնդելու աշակերտին մէջ իր սորվածը եւ աւելի հետաքրքրական դարձնելու անոր աշխատանքը ակադեմիայէն ներս: