11-12-13 Նոյեմբեր 2016-ի շաբաթավերջին, «Սանահին Արուեստի Կեդրոն»-էն ներս, տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ կրթական եւ Մշակութային Միութեան կազմակերպած՝ մոնթրէալաբնակ արուեստագէտ Ժոզէֆ Մանտալեանի արուեստի գործերու ցուցադրութիւնը եւ իր « Ombres et lumière» պատկերագիրքի մակագրութիւնը: Լոյսի խաղերով եւ չափանիշներով հանդիսատեսները վայելեցին արուեստագէտի հրապուրիչ գունագեղ բնանկարչութիւնը, ներկայացուած այնպէս ինչպէս որ է, առանց չափազանցութեան:
Ուրբաթ երեկոյեան բացման, ներկայ էին շուրջ 80 հայ եւ օտար արուեստասէրներ: Բարի գալուստի խօսքով, ցուցահանդէսին բացումը կատարեց մասնաճիւղիս ատենապետուհի Թամար Շահինեան Փօլատեան, ապա հրաւիրեց վարչութեան մօտ, կերպարուեստի յանձնախումբին ներկայացուցիչ Ռոզմարի Սահակեանը, որ ներկայացնէ արուեստագէտին կենսագրականը։ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան շնորհաւորեց արուստագէտը եւ Համազգայինը, անդրադառնալով հաւատացեալ ժողովուրդին մօտ արուեստի եւ պատկերներու խորհուրդին: Շաբաթ կէսօրէ ետք, ցուցասրահը այցելեց Քէպէքի Համաշխարհային յարաբերութիւններու եւ Ֆրանքոֆոնիայի նախարար՝ Տիկ. Քրիսդին Սեն Փիեռ: Նախարարարուհին բարձր գնահատեց արուստագէտին աշխատանքը յատկապէս տպաւորուելով Քէպէքի նահանգը ներկայացնող տեսարաններէն:
Մանտալեանի գործերը ցուցադրուած են Համազգայինի միջոցաւ Մոնթրէալ եւ Թորոնթօ, «Radio Canada»-ի սրահէն ներս եւ Քէպէքի նահանգի «Saint-Bruno-de-Montarville» քաղաքը: Արուեստագէտը մասնակցած է խմբային ցուցադրութիւններու Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Պոսթըն, Ֆրանսա եւ Իտալիա: Բնանկարչութեան կողքին, ան երեսուն տարի պաշտօնավարած է իբրեւ բեմայարդար «Radio Canada» հեռատեսիլի հաստատութենէն ներս: Ան նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է «Samson et Dalida»-ի եւ «Գայեանէ»-ի ներկայացումներու բեմայարդարումի կերտումին:
Վարչութիւնն ու արուեստագէտը, բարձր կը գնահատեն գաղութին ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը հանդէպ հայ արուեստին, արուեստագէտին եւ իր նկարչական գործերու այս յաջող ցուցահանդէսին։
Ռոզմարի Սահակեան