«Իտալական Յարդէ Գլխարկը» կատակերգութիւնը առաջին անգամ ներկայացուած է Փարիզի մէջ աւելի քան 150 տարի առաջ եւ տարիներ շարունակ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հանդէս եկած է: Նոյեմբեր 2016-ի սկիզբի երկու շաբաթավերջերուն՝ 5, 6, 12 եւ 13 թուականներուն, Էօճէն Լապրիշի համբաւաւոր այս գործը, Մոնթրէալի Théâtre Beaubois-ի մէջ ալ ներկայացուեցաւ, մշակումով ու բեմադրութեամբ՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանին:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը իր արահեստավարժ թէ նորեկ դերասաններով հիանալի ձեւով ներկայացուց 5 արարներէ բաղկացած «Իտալական Յարդէ Գլխարկը» զաւեշտախաղը: Բարձր գնահատելի էր բեմադրիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի աշխատանքը: Ան յաջողած էր թատրոնին մէջ իր մասնակցութիւնը բերելու ցանկութիւնը յայտնող իւրաքանչիւր անձին տալ՝ իրեն յարմարող դերը եւ ի մի բերել կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, 26 դերակատարներով, նման որակաւոր կատակերգութիւն մը: Հետաքրքրական էր նաեւ ընկ. Թիւֆէնքճեանի գաղափարը՝ թատրոնի սկիզբը դնելու տեսարան մը, ուր հանդիսատեսին կը ներկայացուէին գործին տիպարները: Յաջորդաբար գեղեցիկ դերակատարումով ու հագիստ խաղարկութեամբ հանդէս եկան Անայիս Պաղտասարեան, Լեւոն Արապեան, Ղազար Գալայճեան, Րաֆֆի Քէօսէեան, Գրիգոր Արըճեան, Սոնիա Շաթոյեան, Խաչեր Ղազարեան, Սառա Թէրզեան, Կարօ Պատուհասեան, Զեփիւռ Պոյաճեան, Մեսրոպ Պերեճիքեան, Արաքս Տումանեան, Պերճ Պաղտասարեան, Հայկ Քազարեան, Սեդա Մանկասարեան, Լեւոն Գաբրիէլեան, Սեւան Թասլաքեան, Նանոր Շէյթանեան, Լենա Խաչերեան, Յակոբ Գարայեան, Փաթիլ Թաթուլեան, Խաչիկ Պալեան, Կարի Զաքարեան, Ճորճ Տարագճեան, Անանիա Եղիկեան եւ Սերժ Եսայեան: Իւրաքանչիւր դերասան յաջողած էր մտնել իր դերի տիպարին մէջ եւ մեծ ճգնութեամբ գրաւել հանդիսատեսը, խնդուքն ու ուրախ տրամադրութիւնը պահելով անոնց մէջ:
Ներկայացման աւարտին բեմ բարձրացաւ մասնաճիւղիս ատենապետուհի՝ Թամար Փօլատեան, որ «Սանահին»ի վարչութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դերակատարներուն իրենց անխոնջ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին քուլիսներու ետին այս սքանչելի թատերախաղի իրականացման համար: Ան իր վերջին շնորհակալական խօսքը ուղղեց բեմադրիչ՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանին, որ յաջողած էր իր շուրջ համախմբել երիտասարդ ու նոր տարրեր, ու ջամբել սէրը հայ բեմին նկատմամբ: Այս առթիւ ընկերուհին անոր յանձնեց յիշատակի նուէր մը:
Անահիտ Պալեան