«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ ողջունեց ներկաները, ապա ներկայացուց օրուան զրոյցի նիւթին խորագիրը` «գրաւոր, բանաւոր, կիւթենպերկ, թուայնացող խօսք ու գիրք, լեզուներ, մշակոյթ եւ համացանց»: Ներկայացնելէ ետք օրուան բանախօսները` Գրիգորեան խօսքը փոխանցեց օրուան առաջին բանախօս, «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեանին:
Իր խօսքի սկզբնաւորութեան Պալեան թուեց ու դրուատեց համացանցի առաւելութիւններն ու օգուտները` մարդոց մտաւոր հաղորդակցութեան առումով: «Սակայն հոս լուրջ հարց կայ, պէտք է հակազդել այս երեւոյթի ժխտական երեսներուն, որոնց գծով մտահոգ են մեծ գիտնականներ», շեշտեց Պալեան` իր տեսակէտը հիմնաւորելով Եզովբոսէն ու Սոկրատէն մէջբերումներ կատարելով: Առաւել եւս խորացնելով իր խորհրդածութիւնները` Յակոբ Պալեան անդրադարձաւ Մարիան Ուոլֆի հեղինակած «Բրուստ եւ Կաղամար» խորագրեալ գիրքին, ուր ան մտահոգ է համացանցի ժխտական հետեւանքներով, յատկապէս` ընթերցանութեան մարզին մէջ: «Մենք չենք ծնած կարդալու համար», եզրակացուցած է Ուոլֆ: Պալեան նաեւ նշեց այլ տեսաբանի մը` Չոմսքիի վարկածը, ուր ան կը խօսի ժառանգականութեան առկայութեան մասին: Անցեալին պատահածը պահպանել, արձանագրել ու ժառանգել: «Սոկրատի մտահոգութիւնը սուր կերպով ներկայ է այսօր», ընդգծեց Պալեան` նշելով, որ ՆՔ Ե. դարուն Սոկրատ դէմ էր գիրքին, գրաւորին, սակայն ետդարձ կարելի չէր: «Այսօր, ասիկա (համացանցի երեւոյթը. «Ա.») իրականութիւնէ», շեշտեց Պալեան եւ աւելցուց. «ասիկա ամբողջովին կը կապուի դաստիարակչութեան հարցին, որ իր դերը չի կատարեր: «Մեր պարագային, լեզուի վտանգի հարց կայ, պէտք է նաեւ սերունդ պատրաստել` անմիջականին գերին չըլլալու համար: Պատասխանատուներ, ղեկավարներ պէտք է զբաղին այս հարցով, ներդրում կատարեն: Այս բոլորը կը կարօտին կազմակերպման, աւելին` ղեկավարման: Ասիկա մամուլին, կրթական մարզին, Հայաստանի կրթական նախարարութեան հարց է: Համակարգիչ, համացանց գործածելու իսկական կազմակերպում պէտք է: Ամբողջ մտայնութիւն մը կայ, որուն դէմ իրապէս պէտք է պայքարիլ: Պայքարիլ, օրինակ` լատինատառ հայերէնի գործածութեան դէմ համացանցին մէջ: Այլ խօսքով` այս բոլորը կը պահանջեն կազմակերպում, ներդրում եւ ղեկավարում», ընդգծեց Պալեան:
Ապա խօսք առաւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան, որ խօսեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդարանի ձեռնարկած համակարգչային մէկ ծրագիրին մասին` հայկական վարժարաններուն մէջ: Այս ծրագիրը պիտի շարունակուի նաեւ այս տարեշրջանին եւ պիտի ընդգրկէ նաեւ հայոց պատմութեան մարզը», ըսաւ Անթոյեան` իր գոհունակութիւնը յայտնելով նշեալ ծրագիրի արդիւնքներուն գծով: «Այս ծրագիրով մենք աշակերտները պիտի մղենք, որ համացանց, համակարգիչ գործածել գիտնան, աղբիւրներ գտնելու ձեւը պրպտեն եւ զանոնք լաւապէս օգտագործել գիտնան», շեշտեց Անթոյեան:
Յաջորդ բանախօսն էր համացանցի եւ համակարգչային գիտութեան մասնագէտ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան, որ փորձեց վեր առնել համակարգիչի ու համացանցի գործածութեան առաւելութիւնները: Ան երկրորդեց Յակոբ Պալեանի տեսակէտը, թէ` մշակոյթ մը պահելու համար կարեւոր է պահել ու ժառանգել լեզուն: Սթիվ Ճոպզի ու Պիլ Կէյթսի օրերուն պատմական յետադարձ ակնարկով Տէր Խաչատուրեան թուեց համացանցի արհեստագիտութեան թեւակոխած ու նուաճած հանգրուանները, հասնելով թուայնացման այժմու փուլը: Այսօր մարդկային յառաջդիմութեան ու զարգացումի ենթակառոյցի գլխաւոր հիմերը բջիջային հեռաձայնն ու համակարգիչն են, շեշտեց Արծիւ Տէր Խաչատուրեան` թուելով անոնց օգտագործման դրական ներդրումի կարելիութիւնները հայ իրականութեան մէջ: Ան նաեւ խօսեցաւ դիմատետրէն օգտուելու կարելիութիւններուն մասին. «Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի սեմին եւ կարելի է հսկայական քարոզչութիւն տանիլ ի նպաստ Հայ դատին` համացանցի միջոցով», ընդգծեց ան:
Ապա երեք բանախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: