Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան Ժամը 6:00-ին ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի ծննդեան 150 -ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը:
Գրական այս հոգեպարար ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամները, Հ.-ի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու գրասէր հանդիսականներ:
Հանդիսութիւնը Կ'ընդգրկէր գեղարուեստան յայտագիր։ Հանդիսավարներն էին Քրիստ Գարամանեան եւ Սեւան Տէիրմէնճեան: Անոնք բարի գալուստի իրենց խօսքէն ետք ներկայացուցին ձեռնարկին յայտագիրը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետուհի Ռոզէթ Ապէճեան, որ անդրադառնալով Լեւոն Շանթի գրական եւ մշակութային գործունէութեան կարեւորութեան ըսաւ. «Սփիւռքը հունաւորող, մտաւորականութիւնը վերակենդանացնող, հայկական մշակոյթը պահպանող եւ տարածող այս փիլիսոփայ ռահվիրային անձնուէր ջանքերուն եւ մշակութային տեսիլքին իրականացմամբ է որ աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն մէջ, աւելի քան 90 տարի գործեց եւ կը գործէ Համազգայինը: Առ այդ՝ որպէս երախտագիտական եւ յարգանքի արտայայտութիւն, Համազգայինի Հալէպի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, օժանդակութեամբ մասնաճիւղի Գրական, Երաժշտական եււ Պարարուեստի յանձնախումբերուն, կազմակերպեց Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը՝ ոգեկոչելու հայ մտաւորական ու Համազգայինի հիմնադիրը»: