Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երեքշաբթի, 14 Ապրիլ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Համազգայինի 80-ամեակի ծիրին մէջ «Լեւոն Շանթի երկերը» ութհատորեայ կոթողային գործին վերահրատարակութեան առիթով տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի նուիրուած հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, արուեստասէրներու, համազգայնականներու եւ ժողովրդային բազմութեան:
Ժորժ Սարգիսեանի ձայնով Լեւոն Շանթի «Նաղաշի ճառը» գրութիւնը ունկնդրելէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան, որ նշեց, թէ Լեւոն Շանթ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին գրական, մտաւորական, ստեղծագործական, ազգային թէ դաստիարակչական մարզերու մէջ ունեցած է իր աշխատելու յատուկ ոճն ու ներդրումը: Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան հաստատեց, թէ այսօր համազգայնականները կը հետեւին Շանթի ուղիին՝ գիտութեամբ եւ արուեստով պատրաստելու նոր սերունդներ:
Օրուան առաջին զեկուցաբերն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ ներկայացուց «Լ. Շանթ՝ ազգային գործիչը» նիւթը: Ան Շանթի երկերուն ընդհանուր բնութագրումը կատարելէ ետք ըսաւ, թէ Շանթ 39 տարեկանին կը միանայ Դաշնակցութեան շարքերուն եւ մուտք կը գործէ քաղաքական ասպարէզին ու յեղափոխական կեանքին մէջ:
Ճինպաշեան նշեց, որ Շանթ 1922-23-ին Ֆրանսայի մէջ իր քաղաքական փորձառութիւնները գրի առնելով կը ստեղծէ չորս հատորներ: Ապա ան խօսեցաւ չորս հատորներուն՝ «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան», «Անհաւասարութիւնը ընկերային կեանքին մէջ», «Մտաւորականութիւն եւ կուսակցութիւն» եւ «Անկախութիւնը պահանջ ազգային գոյութեան» երկերուն մասին:
Զեկուցումէն ետք ներկաները դիտեցին «Երկիր Մետիա»ի պատրաստած Լեւոն Շանթի նուիրուած վաւերագրական տեսաերիզէն հատուածներ, որոնց մէջ վկայութիւններ փոխանցած են Մկրտիչ Մկրտիչեան, Գրիգոր Շահինեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ Ալիս Գազանճեան:
Ապա խօսք առաւ Շուշիկ Տասնապետեան, որ ներկայացուց Լ. Շանթը՝ իբրեւ գրագէտ: Տասնապետեան Շանթի գրական արժէքը ներկայացնելէ ետք յայտնեց, թէ Շանթ իր մեծ թատրերգութիւններուն մէջ հոգեպեղումի կþենթարկէ մարդ անհատի բարդ հոգին:
Գեղարուեստական յայտագիրով Զաքար Քեշիշեան (Թաւշուի) եւ Կամիլա Քեշիշեան (դաշնակ) նուագեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն, ապա «Լ. Շանթ՝ մանկավարժը» նիւթը ներկայացուց Գեղանի Էթիեմեզեան: Ան աւելի քան կէս դար ետք Շանթի մանկավարժական երկերուն վերահրատարակութեան առիթով հաստատեց այդ գործերուն այժմէականութիւնը եւ կիրարկման կարելիութիւնները:
Էթիեմեզեան նշեց, որ Շանթի նպատակն է պատրաստել ազնիւ, բարձր հոգիով եւ բարոյական ձգտումներով մարդ: Գեղանի Էթիեմեզեան աւելցուց, որ քիչերէն է Շանթ, որ յաջողեցաւ տիրող գաղափարները խորացնել, իր բովէն անցընել, իր էութեան մէկ մասը դարձնել, ապա զանոնք իբրեւ անձնական ստեղծում՝ վերադասաւորել, հայացնել եւ պատշաճեցնել մեր իրականութեան:
Յայտագիրի աւարտին Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը 27 Մարտին ունեցած իր բարձրորակ անդրանիկ կատարումէն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով բեմ բարձրացաւ եւ այս առիթով հանրութեան ներկայացուց «Նոր ծաղիկ» (Ն. Շնորհալի - Ռ. Ալթունեան), «Հոպ նարին» (Է. Յովհաննիսեան), «Ծընկըլը» (Բ. Կանաչեան) եւ «Նարօ ճան» (Բ. Կանաչեան) երգերը: