Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը սովորականէն տարբեր օր մը ապրեցաւ Շաբաթ, 8 Փետրուար 2014-ին, որովհետեւ կեդրոնի պատասխանատուները, ուսուցիչները, աշակերտները, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները ընդունեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ կեդրոն:
Առաջնորդ սրբազանը իւրաքանչիւր յարկի վրայ հետեւեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտներու դասընթացքներուն, ունկնդրեց անոնց նուագն ու երգեցողութիւնը, դիտեց արուեստի ծաղկումն ու զարգացումը իւրաքանչիւր մարզի մէջ` մասնագէտ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ եւ հսկողութեամբ: