Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ» օրաթերթին, Ուրբաթ, 7 օգոստոս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Դէմքեր եւ դէպքեր՝ լիբանանահայ քանատաբնակ լուսանկարիչ-արուեստագէտ Գալուստ Պապեանի ոսպնեակէն դիտուած» թեմայով հանդիպում-զրոյցը՝ ներկայութեամբ արուեստասէրներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ համազգայնականներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ Գալուստ Պապեանի գործերը իրենց բովանդակութեամբ ու որակով յստակօրէն հարստութիւն են եւ արժանի համապատասխան գնահատանքի:
Տեմիրճեան յայտնեց, թէ Պապեանի համար հիմնականը լուսանկարներու ընդմէջէն զգացումներու, ապրումներու եւ յուզումներու փոխանցումն է, որ կարիք չունի գոյներու, ո°չ ալ համապատասխան արդիական գործիքներու:
Րաֆֆի Տեմիրճեան իր խօսքի աւարտին շեշտեց, որ Համազգայինի շունչով սնած Գալուստ Պապեանը, էապէս տասնեակ տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Համազգայինի առաքելութեան, համազգայինի նկատառումներուն՝ զարգացնելով արուեստի մարզ մը, եւ պահպանելով տասնեակ հայորդիներու պատկերները, որոնք իրողապէս վաղուան հաշուոյն մեծ հարստութիւն կը կազմեն:
Ապա բեմ բարձրացաւ oրուան զեկուցաբեր Գալուստ Պապեան, որ նշեց, թէ ինք Պուրճ Համուտի մթնոլորտին մէջ մեծցած է, եւ հոնկէ ստացած հայրենասիրական զգացումը: Ան ըսաւ, թէ լուսանկարչութիւնը իր կեանքի արտայայտութեան լաւագոյն միջոցն է, որ իրեն մեծ հաճոյք կը պատճառէ: Պապեան շեշտեց, որ լուսանկարիչ-լուսանկարուող կապը հիմնական է, եւ անիկա պէտք է հիմնուի վստահութեան վրայ:
Պապեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ իր աշխատանքներուն, ան սահիկներու ճամբով ներկաներուն ցուցադրեց իր լուսանկարներէն օրինակներ:
Ներկայացումը կը բաղկանար երեք մասերէ, առաջինը նուիրուած էր Պապեանի սիրելի ու բարեկամ արուեստագէտներուն, երկրորդը՝ 1980-ական թուականներու Հայաստանին, իսկ երրորդը՝ Սերկէյ Փարաճանովի: Այս առիթով ան խօսեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի, Արամ Հայկազի, Վրէժ Արմէնի, Ատոմ Էկոյեանի, Շարլ Ազնաւուրի, ՐաՖՖի Արմէնեանի ու այլ գործիչներու լուսանկարներուն ու բարեկամութիւններուն մասին:
Գալուստ Պապեան հաստատեց, թէ Փարաճանովի հետ տեսակցութիւնն ու անոր շուրջ 60 լուսանկարներու հաւաքագրումը էապէս արժէք է ու մեծ իմաստ կը ներկայացնէ: