Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, 24 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահինմէջ տեղի ունեցաւ գրական մտերմիկ երեկոյ մը մասնակցութեամբ՝ չորս մոնթրէալահայ գրողներու՝ Վրէժ Արմէն Արթինեանի, Անդրանիկ Պետրոսեանի, Հայդուկ Շամլեանի եւ Թալին Լատոյեանի:
«Սանահին» Մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Նանոր Աշնա Սնապեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց գրական հանդիպման նպատակը, որն էր ներկայացնել մոնթրէալահայ չորս հեղինակները եւ անոնց գործերը՝ հանրութեան, անշուշտ առիթը ստեղծելով նաեւ անոնց աշխատանքը շնորհաւորելու եւ գնահատելու:
Տիկին Սնապեան նախ ներկայացուց Անդրանիկ Պետրոսեանը, որմէ ետք զայն հրաւիրեց ներկայացնելու իր «Հայ թրքական հիմնախնդիրը» գիրքը: Պարոն Պետրոսեան ծանօթացուց իր ուսումնասիրութիւնը, որուն մէջ քննական վերլուծութեան կ՚ենթարկէ 2001-ին Թուրք-Հայկական Հաշտեցման Յանձնաժողովի գործունէութիւնն ու գաղափարախօսական հիմքը: Ան եզրակացուց, թէ հայ-թրքական հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման նախընտրելի միջոցն է երկու ժողովուրդներու քաղացիական հասարակութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը, զոր կարելի է զարգացնել արուեստի եւ գրականութեան ճամբով: Տեղին է նշել, թէ Անդրանիկ Պետրոսեան այս գիրքը նուիրած է իր սիրելի կնոջ՝Խաթուն Թէմիզճեանի անմոռաց յիշատակին:
Երկրորդ հեղինակն էր Հայդուկ Շամլեանը, որուն կենսագրութիւնը լսելէ ետք, ներկաները, շնորհիւ Շամլեանի «Դէպի Ժողով» եւ «Շ» գիրքերուն, նախ փոխադրուեցան դէպի Լիբանան (Արեւմտեան Պէյրութ), ապա՝ Շուշի: Շամլեան արագ անդրադարձաւ ցարդ իր գրած մնացած գիրքերուն ՝ «Անվերադարձ», «ԱՆփոխադարձ» , եւ «Opération Torréfaction»:
Թալին Լատոյեանն էր գրական երեկոյի յաջորդ գրողը: Սնապեան կարդալէ ետք անոր կենսագրութիւնը, բարձրախօսը փոխանցեց անոր, որպէսզի ներկայացնէ «Բալենին» գիրքը: Լատոյեան ներկայացուց գիրքը եւ անոր փոխանցող պատգամը, որ ուղղուած է յատուկ պէտքեր ունեցող փոքրերուն, անոնց ծնողներուն եւ անմիջական շրջանակին:
Վրեժ Արմէն Արթինեանը երեկոյի չորրորդ հեղինակն էր: Անոր կենսագրութիւնը կարդալէ ետք, Տիկին Սնապեան հրաւիրեց զայն ներկայացնելու իր գիրքերը: Պարոն Արթինեան համառօտ ձեւով ներկայացուց իր 4 գիրքերը, «Ոստայն 8 – Ճանապարհներ», «Ոստայն 7 – Համաստեղութիւն», «Ոստայն 6 – Ժամադրավայր», եւ «Ոստայն 5 – Նամակապատում»: Արթինեան վերջին գիրքէն Յակոբ Կարապենցի հետ իր ունեցած նամակագրութիւններէն հատուածներ կարդաց ներկաներուն: Ան նաեւ ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ իր հրատարակած նորագոյն «Ճանապարհներ» գիրքէն հաճելի պատմուածք մը, բոլորին դէմքերուն թեթեւ ժպիտ մը գծելով:
Յայտագրին ընթացքը հետաքրքրական էր, այն իմաստով, որ լսելէ ետք իւրաքանչիւր հեղինակի կենսագրութիւնն ու գիրքի կամ գիրքերու ներկայացումը, ներկաները նաեւ ունկնդրեցին հեղինակին նախասիրած երգը: Իսկ աւելի հետաքրքրականը այն էր, որ Պետրոսեանն ու Արթինեանը ընտրած էին նոյն երգը՝ «Սարդարապատ»-ի երգը, ինչ որ հաւաքոյթը համադրողը դրած էր այլ երգ մը ընտրելու հարկադրանքին դիմաց: Որպէս այլընտրանք, ներկաները առիթը ունեցան ունկնդրելու Վարդուհի Վարդանեանի «Կարօտ» երգը: Հայդուկ Շամլեան ընտրած էր Յարութ Փամբուքճեանի «Վանք» երգը (1975), իսկ Թալին Լատոյեանը՝ «Ծաղկած Բալենի»-ն:
Հետաքրքրական եւ գրականութեամբ հարուստ այս գրական երեկոյին ներկայ էին տարբեր տարիքի մոնթրէալահայեր։ Բոլորն ալ մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին հեղինակներուն ներկայացումները, յայտագրի աւարտին հարցումներ ուղղելով անոնցմէ ոմանց: Իսկ սրահէն ներս դրուած սուրճի եւ կարկանդակներու սեղանը յատուկ մտերմութիւն մը ստեղծած էր կարծէք ներկաներուն եւ գրողներուն միջեւ:
Յատուկ շնորհակալութիւն Համազգայինի «Սանահին» միութեան վարչութեան, յատկապէս Նանոր Աշնա Սնապեանին այս գրական եւ երաժշտական գեղեցիկ երեկոյին համար:
Թ.Լ.