Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը` հեղինակութեամբ, խաղարկութեամբ եւ բեմադրութեամբ գիտնական, թատերագիր, բանաստեղծ, թարգմանիչ, թատերագէտ, գրաքննադատ, բեմադրիչ, դերասան, խմբագիր, հասարակական գործիչ, դաստիարակ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Հուրի Զաքարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն մենաթատրոնը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ պատահականօրէն ընտրուած նիւթ մը չէ` նկատի ունենալով, որ ան կ՛անդրադառնայ ազգային զարթօնքին, որուն այնքան կարիքը ունինք այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: