Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի առիթով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, Հինգշաբթի, 21 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամար» դաշնամուրային երկեակին` դաշնակահարներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեանի տպաւորիչ ելոյթը:
Ձեռնարկին հովանաւորն էր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի, նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները:
Նորաստեղծ «Կամար»-ը, նախորդ տարուան իր անդրանիկ համերգէն ետք, այս անգամ արուեստասէր հանրութեան ներկայացաւ զուտ հայկական գլուխ գործոցներով` դաշնակի վրայ:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեանը, որ ողջունեց ներկայութիւնը մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն: Ան շեշտը դրաւ ելոյթի ցանկին խորքային բովանդակութեան վրայ` ըսելով, որ մեր երաժշտութեան վերածնունդ տալով, առաջին հերթին մեր պարտքը կատարած կ’ըլլանք մշակութային ժառանգութեան եւ քաղաքակրթութեան պահպանման իմաստով, իսկ երկրորդ հերթին հաստատած կ՛ըլլանք մեր ամուր հաւատքը մեր արուեստին նկատմամբ եւ մեր կառչածութիւնը հայկական արժէքներուն: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց աջակցութեան համար: