«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».-Երկուշաբթի, 20 Յունիս 2016-ին, Համազգայինի կազմակերպութեամբ Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Կայա Կեռեանի «L`Armenienne. lindestructible fil de la vie» գիրքին ներկայացումը: Անիկա լոյս տեսած է Հոկտեմբեր 2015-ին, XO հրատարակչատունէն (269 էջ):
«Բազմաթիւ փոթորիկներու եւ արեան գետերու ծնունդ եմ… Հայաստանի ծնունդ եմ, բայց սիրտիս մօտ եղող հայրենիքս աւերուած է: Փոքր տարիքէս Փարիզի մէջ կը լսէի հոն մորթուած հայ ժողովուրդի հեռուներէն եկող արձագանգը: Մեծ մայրս՝ Աշխէնը եւ մայրս՝ Ազատը, այնտեղէն էին, ինչպէս ծեծուած, վաճառուած, բռնաբարուած ու արտաքսուած միլիոնաւոր կիներ, ինչպէս բոլոր խեղդամահ եղած երեխաները, անոնք ալ դատապարտուած էին մահուան: Անոնք սակայն հրաշքով վերապրեցան: Տարիներու ընթացքին ես վերակերտեցի անոնց պատմութիւնը», կ՛ըսէ հեղինակը:
Ան իր մօրը եւ մեծ մօրը աներեւակայելի պատմութիւնը նկարագրելով՝ կը բացայայտէ Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափելի դաժանութիւնը, միաժամանակ ցոյց տալով, թէ կրելով հանդերձ անցեալէն ժառանգ մնացած ծանր բեռը կարելի է փարիլ կեանքին: Ան իր մօրը մահէն երեք տարի ետք՝ 2004ին, սկսած է գրելու, որովհետեւ ատիկա իրեն համար կենսական անհրաժեշտութիւն մը եղած է, որպէսզի երբեք չջնջուին Ցեղասպանութեան հետքերը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արփի Շիրվանեան եւ յուշեր պատմեց «Դպրոցասէր»ի մէջ իրենց (իր եւ հեղինակին) անցուցած տարիներուն մասին:
Տաքարիւն անձնաւորութիւն էր, հայ հոգի ունէր ու կը խանդավառէր շուրջինները, անոնցմէ թաքցնելով անցեալի ցաւոտ վէրքերը… Իր կարգին հեղինակն ալ խօսեցաւ դպրոցական տարիներուն մասին եւ մանաւանդ անդրադարձաւ Յունաստանէն Մարսէյ փոխադրուած 80-100 հայ որբուհիներու ճակատագիրին, որոնք ի վերջոյ յատկապէս տիկ. Պոյաճեանի ջանքերով կարողացան փարիզեան մէկ արուարձանին մէջ ապաստարան մը գտնել ու այնտեղ հաստատուիլ…
Ան գիրքէն քանի մը դրուագներ ներկայացուց: Պատմութիւնը կը սկսի 1915-ի ամրան, Տրապիզոնի մէջ, ուր ծնած է մայրը… Ինչպէս ծանօթ է, այր մարդիկ գնդակահարուած էին, կիները եւ տարեցները՝ աքսորուած, 300 երեխաներ ալ՝ խեղդամահ եղած: Տարագրութեան ճանապարհին գիշեր մը իր մեծ մայրը կը ծնի մանչուկ մը, որուն առաջին ճիչերը լսելով, թուրք զինուորներ կը ստիպեն մայրը ողջ-ողջ թաղելու… իր զաւակը: Այս ահաւոր դէպքէն ետք ան կը յաջողի փախուստ տալ եւ հետիոտն կը հասնի Կոստանդնուպոլիս: Մայրը, երեք տարեկանին, խլած են մեծ մօրը գիրկէն եւ նետած դէպի նաւահանգիստ յառաջացող մանուկներու կարաւանի մը մէջ: Անոնց կը սպասէին տասնեակ մը նաւեր:
Զինուորները պարկերու մէջ փակած են երեխաները եւ զանոնք բարձած նաւերուն վրայ եւ վերջը՝ ծովը թափած… Այդ զինուորներէն մէկը կը ճանչնայ մայրը, եւ քանի որ անցեալին աշխատած էր իրենց ընտանիքին համար, կ՛որոշէ թաքցնել պզտիկը։ Աւելի ուշ մայր ու աղջիկ հրաշքով զիրար կը վերագտնեն։
Հեղինակը «Դպրոցասէր» վարժարանին մէջ տեղեկացած է Ցեղասպանութեան առնչուող իրադարձութիւններու մասին, իսկ աւելի ուշ, վերապրողներու վկայութիւններէն օգտուելով, սկսած է պրպտելու եւ ուսումնասիրելու այդ օրերու եղերական պատմութիւնը: Գտած է իր ծնողներուն ապրած վայրերու լուսանկարները, որոնց միջոցաւ կրցած է գծել անոնց արկածալից ուղեւորութեան քարտէսը։
Կարելի է ըսել, թէ այս գիրքով իր ընտանիքի ոդիսականին ընդմէջէն հեղինակը կը վերարժեւորէ կիները եւ անոնց մղած պայքարը: «Բազում փորձանքներու ենթարկուելով հանդերձ, այդ կիները չեն ընկրկած եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցած են «երբեք չմոռնալու» իրենց կտակը»:
Կայա Կեռեան կը սիրէ Ժան Ժորէսի Ֆրանսան, որ գրկաբաց ընդունած եւ ապաստան տուած է տարագիր հայերուն, եւ կը յուսայ, որ իր պատումները փոքրիկ յոյս մը կը ներշնչեն բոլոր անոնց, որոնք դժբախտաբար մեր օրերուն հարկադրուած ձգելով իրենց օրրանները՝ թափառական ու աքսորական կեանք կը վարեն։
Հարցում-պատասխաններու բաժինէն ետք երեկոյթի աւարտին Կեռեան մակագրեց իր հատորները: