
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Շաբաթ, 24 Մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին «Յոյսի ձայներ» խորագիրով տարեկան համերգը:
Երգչախումբի խմբավարն է Շողիկ Թորոսեան, դաշնամուրի նուագակցութիւն` Վերոնա Ռուսիալեան:
Համերգի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամ Միրա Եարտըմեան, որ ըսաւ, թէ կարկաչականները երգեցողութեան միջոցով կ՛արտայայտեն իրենց զգացումներն ու ապրումները` յոյս ներշնչելով հանդիսատեսին, միասնաբար դէմ յանդիման կանգնելու բոլոր դժուարութիւններուն: Ան աւելցուց. «Պատանիներուն ձայները անոնց անմեղ հոգիներու արտայայտութիւնն են, որ անպայմանօրէն հմայք պիտի պատճառէ ունկնդիրներուն»: