Շաբաթ 10 Ապրիլ 2010-ին, Սիփանը ունեցաւ իր տասնամեայ ելոյթը Նիկոսիոյ Ստրովոլոսի քաղաքապետարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ 53 պաշտօնական հիւրերու եւ 650 հանդիսատեսներու, հովանաւորութեամբ Կիպրոսի կրթական նախարար Տոքթ. Անտրէաս Տիմիթրիու-ի եւ նախագահութեամբ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան-ի:
Սիփանի 45 պարողները, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Տիկին Ժաննա Թահմիզեանի, հրապուրեցին ներկաները իրենց բարձրորակ նազանքով եւ կորովով:
Ելոյթի անակնկալն էր Եւրոտեսիլի մրցոյթին Հայաստանը ներկայացնող Էւա Րիվաս-ը, որ իր "Ծիրանի Կուտ" եւ "Թամամ Աշխարհ" երգերով յաւելեալ փայլք տուաւ ձեռնարկին:
17 Ապրիլին, առաջին անգամ ըլլալով, Սիփանը իր երկրորդ ելոյթը ունեցաւ Լիմասոլ քաղաքի ԷԹԱԼ սրահին մէջ դարձեալ մեծ յաջողութիւն արձանագրելով: