Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի «Կոմիտաս քառեակ»-ի բարձրորակ եւ սպասուած ելոյթը` ներկայութեամբ երաժշտասէր մեծաթիւ հանրութեան մը: