Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացուց «Կոնտոլեզիա` իմ սէր» թատրերգութիւնը` հեղինակութեամբ Արա Արծրունիի եւ բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Տեղի ունեցաւ նաեւ Արա Արծրունիի պարգեւատրումը:
Նիւթը կը խօսի քաղաքի մը իշխանաւորի մասին` Սեզար, որ կ՛ուզէ իշխանութեան գլուխը մնալ եւ ծաւալել իր ուժը, հետեւաբար կը դիմէ լծակներու: Կարծես մարդիկ ծարաւ ունին իշխելու եւ ամէն ճիգ, ամէն միջոց ի գործ կը դնեն, որ մնան իրենց դիրքին եւ աթոռին վրայ, միւս կողմէ Անիպալը, դէմ կը կանգնի Սեզարին եւ կ՛ուզէ տապալել անոր վարչակարգը: Ըստ Անիպալի, պատիւն ու խիղճը կը յաղթեն անարդարութեան: Ան կը ներկայացնէ ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք ունին տեսիլք, երազ, նպատակ, որոնց իրականացման համար յանձն առած են ամէն զոհողութիւն: Սակայն շուտով Անիպալի մէջ կը փոխուի ամէն բան, եւ աթոռին հասնելու համար ինքն ալ կը ստիպուի իր խաղերը խաղալու: Անոր մաքուր սէրն ու երազը կը վերածուին փառամոլութեան, որուն գինը կը վճարէ իր կեանքով եւ կը զոհուի:
Դերակատարներն էին Սեզար` Ժան Պեքերեճեան, Ղուկաս` Զաւէն Պաաքլինի, Անիպալ` Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Եւա` Արփի Սողոմոնեան, Տիտի` Նժդեհ Մկրտիչեան, Էտի` Հրայր Գալեմքէրեան, ճղճիմ մարդ` Էթիեն Սէօքիւնեան, երեք պահակներ` Յովսէփ Գաբլանեան, Մանուէլ Թոքմաքճեան, Կարօ Փանողլեան, խօսնակուհիի ձայն` Ծովիկ Թորիկեան, անծանօթ բամբ ձայն` Կարօ Քիրիաքօ:
Թատրոնի աւարտին խօսք առաւ Կարօ Յովհաննէսեան եւ ներկայացուց Արա Արծրունին: Ան ըսաւ, թէ Արա Արծրունի ծնած է 1932-ին վանեցի ծնողքէ, ուսումը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» ամսագիրին, «Սփիւռք» շաբաթաթերթին, «Կամար» հանդէսին եւ «Արծիւ» ամսաթերթին: 1969-1972 եղած է «Ազդակ» օրաթերթի մշակութային էջի պատասխանատու, 2012-ին անդամակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան. ան մաս կը կազմէ «Գ. Մելիտինեցի» գրական մրցանակի դատական կազմին: