Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը գումարեց իր 20-րդ Շրջանային ժողովը՝ 22 Մարտ 2015-ին, Կլէնտէյլի նստավայրին մէջ: Ժողովին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կ.Կոմիտէի կողմէ լիազօր ներկայացուցիչ ընկեր Սարօ Նազարեան, Շրջ. Վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերու եւ մասնագիտական Յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, վարչականներ, պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ համազգայնական հրաւիրեալ ընկերներ, որոնց շարքին՝ Ասպարէզ օրաթերթի խմբագիր՝ Ընկեր Աբօ Պօղիկեան, Սարդարապատ գրախանութի վարիչ՝ ընկ. Վարուժան Ուրֆալեան, եւ Կլէնտէյլի Տարեցներու միութեան վարչական ներկայացուցիչներ :
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան մասնաճիւղերու եւ շրջանային վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիրները: Արծարծուեցան համազգայնական մտահոգութիւններ՝ կազմակերպչական կեանքի, կանոնագրի, համազգայինի կրթական եւ հայ մշակոյթի որակի ապահովման ու բարձրացման տեսակէտէ:
Առաւօտեան ժամը 10-էն երեկոյեան ժամը 4:00 երկարած ժողովը իր վերջին օրակարգով, ընտրեց յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար նոր շրջանային վարչութեան կազմը: Հետեւեալ ընկերուհիներն ու ընկերները փակ քուէարկութեամբ վարչութեան անդամ ընտրուեցան.- Ընկերուհիներ՝ Անիթա Հաւաթեան, Նարկիզ Մուրիեան, Սեդա Գոնեալեան-Ֆրունճեան, Մարալ Զաքարեան, Մակի Սթիլեան եւ ընկերներ՝ Մանուկ Չուխաճեան, Րոժէ Խատարեան, Րաֆֆի Հարպոյեան, Արա Քէօրէօղլեան:
Ժողովի աւարտին, խօսք առաւ ընկ. Վիգէն Եագուպեան, բարձր գնահատելով համազգայինի վերջին շրջանի արձանագրած վերելքը, նկատի ունենալով կարգ մը իրագործումներ, ինչպէս՝ թատերական փառատօնի այնքան ծաւալուն եւ ծախսալից հսկայական աշխատանքը իրերայաջորդ երկու տարիներուն կամ երիտասարդ ուժերու ներգրաւումը որոշ շրջաններէ ներս, միաժամանակ վերահաստատելով իր ակնկալութիւնները, Համազգայինի գործունէութեան վերանորոգման եւ ժամանակակից սերունդի հետաքրքրութիւններուն պատշաճեցման եւ արդիականացման անժամանցելիութեան ի խնդիր:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
22 Մարտ, 2015