Երեքշաբթի 5 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, Սիտնիի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, Նայիրի, Սեւան եւ Շանթ մասնաճիւղերու ատենապետները, Գօլստըն Ճեմարանի Խնամակալութեան ատենապետն ու Ճեմարանի տնօրէնը, բարի գալստեան եւ ծանօթացման հանդիպում մը ունեցան Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Ս. Եպիսկոպոս Նաճարեանի հետ:
Սիրալիր եւ մտերմիկ այս հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ Համազգայինի գործունէութեան: Ան սիրով ընդունեց հովանաւորել Համազգայինի հիմնադրման 85 ամեակի եւ Աւստրալիոյ Համազգայինի հիմնադրութեան յիսնամեակի հանդիսութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան Յունիս 2013-ի ընթացքին: Սրբազան Հայրը մօտէն հետաքրքրուեցաւ Ճեմարանի աշխատանքներով, շեշտեց անոր համագաղութային կարեւորութիւնը սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր եւ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը եկեղեցի–դպրոց անվերապահ գործակցութեան:
Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան հօր այս սիրալիր ընդունելութեան համար եւ անգամ մը եւս հաստատեց Համազգայինի մեծ ընտանիքին պատրաստակամութիւնը անկեղծօրէն համագործակցելու հայ եկեղեցւոյ հետ յօգուտ հայ մշակոյթի զարգացման եւ եկեղեցւոյ բարգաւաճման :
Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն