Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2009-ի յետմիջօրէին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Քաշաթաղի յանձնախումբին հրաւէրով, Կեդրոնական վարչութեան նստավայր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը «Թիւֆենկեան» հիմնարկի Քաշաթաղի հարցերու պատասխանատու Մարօ Մաթոսեանին եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի ու Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կարգ մը ուսուցչուհիներուն միջեւ՝ ներկայութեամբ Ազգային ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մկօ Եափուճեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ բացատրութիւն տուաւ հանդիպման դրդապատճառներուն մասին: Ապա խօսք առաւ Մարօ Մաթոսեան. ան սահիկներու միջոցով մանրամասն ներկայացուց Քաշաթաղի ընդհանուր իրավիճակը եւ մասնաւորաբար դպրոցներու այժմու վիճակը: Ապա տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում, ուսուցչուհիները իրենց փորձառութիւններէն մեկնած՝ կարծիքներ յայտնեցին դասաւանդման կարգ մը կիրառելի մեթոտներու մասին:
Համազգայինը ծրագրած է այս առիթով «Թիւֆենկեան» հիմնարկին հետ շարունակել իր գործակցութիւնը Քաշաթաղի կրթական մարզի զարգացման գործընթացին մէջ:
Համազգայինի Կեդրոնական
Վարչութեան
Քարոզչական Գրասենեակ