Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան հրաւէրով Միջ-Վարչական Բ. ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2010-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ներկայութեամբ Հալէպի «Ն. Աղբալեանե, Դամասկոսի «Լ. Շանթե, Քեսապի «Հ. Օհանջանեանե մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Հայագիտական Հիմնարկի, «Բ. Կանաչեանե երժշտ. դպրոցի, «Զուարթնոցե երգչախումբի եւ Համազգայինի Թատերական միաւորներու ներկայացուցչական կազմերուն, ինչպէս նաեւ Հաշուեքննիչ Մարմնի անդամներուն: Ներկայ էին Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ ընկ. Վահէ Ժամագործեան, հայրենի երաժշտագէտ Տիար Արմէն Ճէնտէրէճեան եւ ընկերուհիներ Թագի Տողրամաճեան եւ Պերճուհի Աւետեան:
Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Հռիփ Կանանեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, փոխանցելով որ ուրախալի զուգադիպութեամբ վերամուտի շրջանը կը բացուի ոսկեդարու Ռահվիրաներէն Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ հայրապետներու, ինչպէս նաեւ թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակի տօնակատարութեամբ, ինչ որ յիշատակի հանդէս ըլլալէ աւելի հայ մշակոյթի տօնախմբութիւն է:
Օրակարգի կէտերու յաջորդականութեամբ ներկայացուեցան Շրջ. Վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, նաեւ մասնաճիւղերու եւ միաւորներու գործունէութեանց ամփոփ տեղեկագրերը եւ յառաջիկայի ծրագիրները:
Յաջորդաբար ներկայացուեցան ընթացքն ու բանաձեւերը Զ. Պատգամաւորական ժողովի, գումարուած 14-15-16 Մայիս 2010-ին Լիբանան :
Կեդր. Վարչութեան խօսքը ներկայացուց ընկ. Վահէ Ժամագործեան, որ անդրադառնալով յատկապէս Համազգայինի արժեւորումներուն, յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն, նշեց որ բոլորին մէջ ուշադրութեան կեդրոնը հանդիսացող հիմնական հարցը երիտասարդութեան տագնապն է, անոր հետ կապ ստեղծելը եւ առնչակից դառնալը:
Ժողովը նշեց համագործակցութեան կարեւորութիւնը Համազգայինի Լիբանանի եւ Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւններուն, երաժշտական դպրոցներուն եւ թատերախումբերուն:
«Բ. Կանաչեանե երժշտ. դպրոցի գեղարուեստական բաժնի տնօրէն Տիար Արմէն Ճէնտէրէճեան երախտագիտական եւ քաջալերանքի խօսքը փոխանցեց, տաղանդի կողքին շեշտելով նաեւ կարեւորութիւնը աշխատասիրութեան՝ որպէս գրաւական յաջողութեան:
Ապա ընկհ. Պերճուհի Աւետեան զեկուցեց հայրենիքէն ներս գումարուած Գրողներու Միութեան 5-րդ Համագումարի շուրջ, «Հայ գրականութիւնը հայոց միջնաբերդե խորագրով, անդրադառնալով Հալէպի մէջ «Երթե գրական հանդէսի հրատարակման, բովանդակութեան եւ գրասէրներու մօտ գտած ընդունելութեան:
Ժողովը շարունակուեցաւ օրակարգի հերթականութեամբ եւ աշխատանքը աւարտեց երեկոյեան ժամը 4:00-ին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ