Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան 70-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 մայիս 2009-ին, Ճեմարանի մէջ:
Ժողովականները շեշտը դրին շրջանաւարտներու ներդրումին վրայ յատկապէս ազգային կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտեցին զանազան գաղութներու մէջ սերունդներ պատրաստելու գծով անոնց դերակատարութիւնը:
Ճեմարանականները անդրադարձան Ճեմարանի դերին եւ անոր հիմնադրութեան 80-ամեակը հանգամանօրէն տօնելու առիթին:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն մը՝ հետեւեալ կազմով.
Գալուստ Խտըշեան (ատենապետ)
Փաթիլ Եսայեան (քարտուղար)
Կարօ Լուսարարեան (գանձապահ)
Սանան Զէյթլեան (հաշուապահ)
Վաչէ Ծատուրեան
Ալին Արապաղլեան
Զաւէն Տէր Պետրոսեան
Հերա Սաղրեան
Հեղնար Եղիայեան