Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը Ուրբաթ, 3 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ վիճակի առաքելական կառավարիչ՝ Գերյարգելի Յովսէփ Թ. Ծ. Վ. Պէզէզեանի հետ, հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի հանդիսասրահին մէջ։
Հանդիպումը տեւեց մօտ մէկուկէս ժամ եւ տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Այցելութեան նպատակը՝ նախ իրար ծանօթանալն ու շնորհաւորելն էր Գերյարգելիի նոր պաշտօնը Հայ Կաթողիկէ վիճակին մէջ։ Միաժամանակ՝ ցաւակցութիւն յայտնել Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս¬Պատրիարք Ներսէս¬Պետրոս ԺԹ.ի Յունիս 25ին Պէյրութի մէջ վախճանման առիթով։
Վարչութիւնս ցաւակցական արձանագրութիւն պահեց այս առիթով Առաջնորդարանի մէջ բացուած տոմարին մէջ։ Յաջորդող ջերմ խօսակցութեան ընթացքին Գերյարգելին ծանօթացաւ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն ու միութեան գործունէութեան շուրջ։
Օրուան նիւթերը կազմեցին՝ պատմական, մշակութային, արխիւային, լուսանկարչական, գրադարանային, հայ կաթողիկէ հաստատութեան անցեալի ու ներկայի գործունէութեան եւ դերակատարութեան ու ընդհանրապէս համագործակցութեան եզրեր։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ