Պիպլոս Պանքը եւ Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահը կը ներկայացնեն Նորիկեանի «Ժամանակի հետ» ցուցահանդէսը.-
Պիպլոս Պանքի Կեդրոնական Գրասենեակ, Նոյեմբեր 19, 2012.- «Ժամանակի հետ» ցուցահանդէսով Պիպլոս Պանքը վերստին կը պանծացնէ գեղանկարչութեան արուեստը։ Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 20 եւ 21 Նոյեմբերին Պիպլոս Պանքի կեդրոնական շէնքին մէջ, Էշրէֆիէ, համագործակցութեամբ Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահին։ Ցուցահանդէսը լուսարձակի տակ կ՛առնէ լիբանանահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի արժէքաւոր արուեստը։
Իբրեւ իր ուրույն դիմագիծը ունեցող հռչակաւոր արուեստագէտ, Նորիկեան կը ձգտի գունային գեղեցիկ եւ ներդաշնակ համադրութիւններու, դիմային արտայայտութիւններու եւ հայեացքներու ընդմէջէն արտայայտել իր սեփական զգացումները եւ փորձառութիւնները։ Նորիկեանի արուեստը կը յատկանշուի հայ ժողովուրդին գոյատեւելու կամքով եւ հաստատակամութեամբ։
Նատա Թաուիլ՝ Պիպլոս Պանքի հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավարը, ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք հիւրընկալելու «Ժամանակի հետ» ցուցահանդէսը եւ այդպիսով մատուցելու մեր յարգանքը Նորիկեանի տաղանդին եւ արժէքաւոր արուեստին հանդէպ։ Իրաւամբ, մեծ է մեր հաւատքը առ այն, որ արուեստը կարող է նպաստել անմիջականութեան եւ մտերմութեան, ինչպէս նաեւ հայելիի նման ցոլացնել մեր հաւաքականութեան ոգին»։
«Նորիկեան ունեցած է շատ կարեւոր ներդրում Լիբանանի գեղարուեստի ոլորտին մէջ»,- ըսաւ Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան։ «Գեղանկարչութեան հանդէպ իր բծախնդիր, ուշադիր եւ ինքնավստահ մօտեցումով ան գրաւած է արուեստասէրներուն հիացումը։ Անոր գեղանկարները կ՛արտայայտեն համամարդկայինի պատգամներ, որոնք մեզ աւելի կը մօտեցնեն թէ՛ վերացական եւ թէ իրապաշտ ոլորտներուն»,- աւելցուց ան։
Իր հերթին, Նորիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պիպլոս Պանքին եւ Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահին, որոնք նեցուկ կը հանդիսանան իր արուեստին։ «Գեղանկարներէս իւրաքանչիւրը կ՛արտայայտէ իմ ներքին էութիւնս, յոյզերս եւ ապրումներս, այլ խօսքով՝ իմ կեանքիս պատումն է», բացատրեց ան։
Պիպլոս Պանքի կեդրոնական շէնքին մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ ցուցահանդէսին ընթացքին արուեստասէրները առիթ ունեցան ըմբոշխնելու քսանհինգ իւղանկարներու ընտրանի մը, որ արտացոլումն է Նորիկեանի ստեղծագործ ոգիին, տեսլականին, ինչպէս նաեւ՝ արուեստագէտի անոր նուրբ զգայնութեան։
Ցուցահանդէսին շարունակութիւնը տեղի կ՛ունենայ Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Ցուցասրահին մէջ՝ Նոյեմբեր 23-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 10, 2012, Երկուշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան 7:30։