Համազգայինի ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի Վարչութեան համագործակցութեամբ՝ Ուրբաթ, 26 Յունիս 2009ի երեկոյեան ժամը 8.00ին, կազմակերպուած է հրապարակային բացման հանդիսութիւն շրջանի Համազգայինի 33րդ ներկայացուցչական ժողովի գումարման առիթով:
Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սրբոց Վարդանանց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ շրջանի կրօնական, ազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ուրախ ենք նաեւ, որ ՀՀ ՄԱԿի մօտ դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան իր ներկայութեամբ եւ ողջոյնի խօսքով յաւելեալ շուք պիտի տայ հանդիսութեան:
Բացման հանդիսութեան խօսք պիտի առնեն Կիլիկիոյ Թեմի Առաջնորդ Տէր Օշական Արք. Չոլոյեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ԱՄՆի ներկայացուցիչ ընկ. Եդուարդ Մսըրլեան:
Սիրով կը հրաւիրենք շրջանիս բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները ներկայ գտնուելու սոյն ձեռնարկին: 81 ամեայ Համազգայինի մեծ ընտանիքը ուխտած է վճռակամութեամբ ծառայել հայ մշակոյթին եւ հայեցի կրթութեան եւ արժանաւորապէս այդ վառ ջահը փոխանցելու մեր նոր սերունդին, ի փառս հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի վերելքին:
Կը խնդրենք մինչեւ 22 Յունիս 2009, Ձեր ներկայութիւնը տեղեկացնել կազմակերպիչ յանձնախումբին, կապ հաստատելով հետեւեալ թիւին՝ (201) 390-9808 եւ (201) 264-5618 եւ կամ ե նամակ առաքել հետեւեալ հասցէներուն՝ Zsetrakian@aol.com gam haprahamian@nj.rr.com
Համազգայինի
ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի
Շրջանային Վարչութիւն