Համազգայինի ԱՄՆ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեանց հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերու վարչութեանց կազմակերպութեամբ ընթացիկ ամսուան մէջ (Հոկտ. 4էն- Նոյ. 20) տեղի պիտի ունենայ գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանի շրջապտոյտը ԱՄՆի եւ Գանատայի տարածքին:
Այս շրջապտոյտը կազմակերպուած է նպատակ ունենալով, սփիւռքահայ մտաւորականութեանը ծանօթացնել նոյնիքն սփիւռքի զանազան գաղութներուն, ինչպէս նաեւ Պչաքճեանի հեղինակած 11 հատորներէն՝ Անցողիկն ու Անժամանցելին իր նորատիպ հատորին գինեձօնը կատարելու: Գրագէտը իր այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ընթացքին նոր շունչ եւ ոգի պիտի ներշնչէ իր գործընկերներուն, աշակերտներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին:
Մովսէս Պչաքճեան Փարիզաբնակ է: Ան Հայաստանի Գրողներու Միութեան կողմէ շքանշան ստացած է եւ այս տարի արժանացած է Մովսէս Խորենացի շքանշանը ՀՀ պետութեան կողմէ:
Շրջապտոյտը պիտի կատարուի հետեւեալ քաղաքներու մէջ՝ Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, ՖիլատելՖիա, Պոսթըն, Տիթրոյիտ, Շիքակօ, Լոս Անճելոս, Սան Ֆրանսիսքօ, ապա Մոնթրէալ ու Թորոնթօ:
Մասնաճիւղերու վարչութիւնները իրենց շրջաննրուն մէջ կը ծանուցեն ձեռնարկի վայրի եւ թուականի մասին:
Համազգայինի
ԱՄՆ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի
Շրջանային Վարչութիւններ
3 Հոկտեմբեր 2009