Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Շաբաթ 21 եւ Կիրակի 22 Յունիս 2014-ին, Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը եւ հայկական ժողովրդական նուագախումբը Ժրապթայի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Ռաֆքայի մահուան հարիւրամեակին նուիրուած երգչախմբային սեմինար-փառատօնին: «Բարեկամութիւն երգչախումբերու միջեւ» անունով երկօրեայ ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր երգերու ուսուցում, դասախօսութիւն, զրոյցներ եւ փակման համերգ` պատրաստուած Լիբանանի առաջատար հինգ երգչախումբերու համար: