ԱՄՆ եւ Գանատա
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան կանոնագիրի յօդուածներէն մէկը հետեւեալն է. «Համազգայինի նպատակն է՝ պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ մշակոյթը՝ Հայաստանի ու համայն հայութեան գոյատեւման առաքելութեամբ»:
Համազգայինի «Անի» պարախումբը անգամ մը եւս կենդանի օրինակը եղաւ այս առաքելութեան, երբ հեռաւոր Պրազիլէն հրաւէր ստացաւ «Հայ Երիտասարդաց Ֆետայիներ Ոտնագնդակի Ակումբ» անունով մարզական կազմակերպութենէն:
Կազմակերպութիւն մը, որուն անդամները մեծամասնութեամբ օտարներ են եւ իրենց խումբը երկրի առաջին դասակարգի խումբ է: Այս կազմակերպութիւնը մարզական կեանքի կողքին, ունի նաեւ մշակութային բաժին մը: Ամէն Կիրակի յետմիջօրէին, ձայնասփիւռէն մէկ ժամ յայտագիր ունին փորթուկալերէնով եւ հայերէնով, կը խօսին մշակութային նիւթի մը մասին, որուն կը յաջորդէ հայերէն երգերու եւ երաժշտութեան ձայնասփռումը:
Վերոյիշեալ կազմակերպութեան նախագահը Սարգիս Գարամիքեան կրտսերն է. ան «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ ծանօթացած է «Անի» պարախումբի իրագործումներուն եւ տարիներէ իվեր կ՛աշխատի խումբը Պրազիլ հրաւիրել, վերջապէս յաջողեցաւ, եւ «Անի» պարախումբը, իր ղեկավարներուն՝ Սիւզի Բարսեղեան Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի առաջնորդութեամբ քսանհինգ հոգիով 11 Յունիս 2018-ին մեկնեցաւ Պրազիլ, ուր շատ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ:
Պարախումբի առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Սանթոս քաղաքին մէջ, երկրորդը Սան Փաուլոյի «Կամմարօ» սրահին մէջ եւ երրորդը Մայրիփորա քաղաքին մէջ, որ Սան Փաուլոյի արուարձաններէն մէկն է:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: