24 Օգոստոս 2019-ին, Համազգայինի «Անի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ Ճօ Աւագեանի, իր մասնակցութիւնը բերաւ «Vieux Port de Montréal»-ին մէջ ամէն տարի տեղի ունեցող «Festival Orientalys»-ին, ուր երեք ցամաքամասերու մշակոյթները կը միանան, ժողովուրդին հրամցնելով Մոնթրէալի հարուստ խճանկարը։
Հետաքրքրութիւնը մեծ էր հայկական պարին նկատմամբ։Ներկաները առիթը ունեցան ծանօթանալու եւ վայելելու կէս ժամ տեւողութեամբ հայկական աւանդական պարերու շարք մը, տհոլ զուռնայի մեղեդիներով եւ նազ պարերու հեզաճկուն շարժումներով։
Նոյն օրը, ղեկավարութեամբ Եւա Հայրապետեանի, «Անի» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Մոնթրէալի Սբ. Յակոբ եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսին, հանդիսատեսներուն հրամցնելով հայկական պարարուեստէն ծաղկաքաղ մը։ Ներկաները շրջապատելով պարախումբը, մեծ հիացմունքով հետեւեցան հինգ հայկական աշխոյժ պարերու ներկայացումներուն, որոնք արժանացան հանդիսատեսին բուռն ծափողջոյններուն եւ գնահատանքին: