Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Անցեալ տարեշրջանին Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբը հանրութեան ներկայացաւ հեղինակ, գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի «Ոսկի խնձորը» ամանորեայ երաժշտական թատերախաղով, ապա` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Կարօտ» ներկայացումով:
«Կարօտ»-ը մարտ ամսուան ընթացքին ներկայացուեցաւ Պէյրութի եւ Այնճարի, ապա Ապրիլ 24-ին դարձեալ Պէյրութի մէջ: Ներկայացման խտասալիկը մայիսին ցուցադրուեցաւ Գիւմրիի «Վերածնունդ» միջազգային եօթներորդ մրցոյթ-փառատօնին` աշխարհի շուրջ տասնհինգ երկիրներու թատերախումբերու շարքին գրաւելով երկրորդ տեղը:
Տարբեր երկիրներու մասնագէտներէ բաղկացած դատական կազմի որոշումով «Կարօտ»-ին շնորհուեցաւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիրի պատուաւոր կոչում: