Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը եւ Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի խնամակալութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնեն, որ Պրն. Նշան Պասմաճեան նշանակուած է Գօլստըն Ճեմարանի նոր տնօրէն։
«Պրն. Պասմաճեան Գօլստըն Ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնին կը բերէ ուսուցիչի եւ ղեկավարի տարիներու տպաւորիչ փորձառութիւն մը»,- ըսաւ Գօլստըն Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ Վիգէն Քալօղլեան։
Նշան Պասմաճեան շրջանաւարտ է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն։ Ան նաեւ աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը եւ ստացած Տնտեսագիտութեան Պսակաւորի տիտղոսը։ Պրն. Պասմաճեան հիմնադիրներէն մէկն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքի հայկական դպրոցին (1980) եւ 16 տարի շարունակ ծառայած է իբրեւ դպրոցին խնամակալութեան ատենապետը, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ տնօրէն։ 1980-2011 ան նաեւ եղած է Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններու Հայ Համայնքի Խորհուրդին ատենադպիր, գանձապահ ու քարտուղար։ Աւելի ուշ ան ներգրաւուած է Նոր Զելանտիայի հայ համայնքի կազմակերպչական կեանքին մէջ։
Հայ Եկեղեցւոյ, ընդհանրապէս հայութեան եւ ի մասնաւորի Արաբական Ծոցի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական դպրոցին համար կատարած իր ծառայութիւններուն համար Նշան Պասմաճեան Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է Կիլիկեան Ասպետ շքանշանով։ Ան նաեւ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Նախարարութեան շքանշանը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքի հայկական դպրոցին մատուցած իր կրթական եւ ղեկավարման աշխատանքներուն առ ի գնահատանք։