Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան նախ եւ առաջ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու վերջերս իր մահկանացուն կնքած Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը, ապա ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ աւելի քան 35 տարուան վաստակով, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը իր մշակութային գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը կը ծաւալէ Լիբանանի մէջ` Պուրճ Համուտի եւ Անթիլիասի զոյգ կեդրոններով: Ան նկատել տուաւ, որ քոլեճը իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ տարուէ-տարի կ՛ունենայ թիւի աճ, եւ այս տարեշրջանին արձանագրուած են նաեւ ոչ հայ աշակերտներ: Թամար Սնապեան-Սուրճեան յայտնեց, որ քոլեճի ամավերջի հանդէսը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ տարեվերջի աւարտին` յունիս ամսուան վերջաւորութեան, սակայն այս տարի բացառաբար եւ զանազան յարգելի պատճառներով հանդէսը տեղափոխուեցաւ վերամուտին: