Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի 25 ամեակի առիթով ամբողջ տարուան ընթացքին պարբերաբար տեղի ունեցած համերգներու շարքի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս:
Սրահի մուտքին, երաժշտասէր ներկաները դիտեցին պատրաստւած ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած էին երաժշտանոցի պատմութենէն պատառիկներ՝ նկարներ, պրօշիւրներ, հրաւիրատոմսեր, ինչպէս նաեւ հոն դասաւանդուող երաժշտական գործիքներու նմոյշներ: Ապա բազմութիւնը անցաւ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը:
Արուս Շահինեանի արաբերէն բացման խօսքէն ետք, Լեւոն Տանայեան տեսաերիզով ներկայացուց երաժշտանոցի 25 ամեայ պատմութիւնը՝ 1986 թուականէն սկսեալ, անդրադառնալով Հալէպի մէջ երաժշտական դպրոց մը հիմնելու նպատակին, հիմնադրութեան առաջին օրերուն, տարիներու ընթացքին աշխատանքի ծաւալումին, երաժշտանոցէն ներս գործող ուսուցիչներուն եւ հայրենի թէ օտար երաժիշտներուն ներդրումին..., հասնելով երաժշտանոցի այսօրուան առօրեային: Տեսաերիզը կ՚անդրադառնար նաեւ «Բ. Կանաչեան»ի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով հայրենի երկու հեռուստակայաններու՝ «Երկիր Մէտիա»ի եւ «Շանթ»ի սփռումներուն, որոնց մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէր «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի վաստակաշատ տնօրէն Արմէն Ճէնտէրէճեանը: Յիշեալ տեսաերիզին միջոցով, երաժշտանոցի պատմութեան մէջ ներդրում ունեցած հայրենի այլազան երաժիշտներ ողջոյնի խօսք յղած էին հալէպահայութեան եւ շնորհաւորած Համազգայինը՝ այս իւրայատուկ տարեդարձին կապակցութեամբ:
Անցնելով համերգային ծրագիրին, ելոյթ ունեցան երաժշտանոցի աշակերտներէն խումբ մը, ներկայացնելով հայկական թէ օտար երաժշտական կտորներ: Այսպէս՝ բեմ բարձրացան երաժշտանոցի դասընթացքներուն հետեւող աշակերտ-երգիչներ, պատանի դաշնակահար, ջութակահար, քանոնահար, ինչպէս նաեւ ֆլիւթ եւ կիթառ նուագող տղաք ու աղջիկներ: Համերգային ծրագիրին իրենց յատուկ մասնակցութիւնը բերած էին
կիթառի ուսուցիչ Ռաֆֆի Գանթարճեանը, ինչպէս նաեւ այս միջոցին
Հայաստանէն ժամանած դաշնակահարուհի՝ Գայեանէ Քոչարեանը:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք տրուեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի առաջին տնօրէն՝ Ժիրայր Րէիսեանին, որ քաջատեղեակ ըլլալով հիմնադրութեան օրերու մանրամասնութիւններուն, ներկաները իրազեկ դարձուց 25 ամեայ մշակութային այս օճախի ստեղծման պայմաններուն:
Օրուան իւրայատուկ պահն էր, երբ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումը, եւ երախտագիտական յուշանուէրներ ստացան երաժշտանոցէն ներս նուազագոյնը 20 տարիներու վաստակ ունեցող անձինք՝ Մարալ Փափազեան, Սիրան Գիւմրիւեան, Կարինէ Քէշիշեան եւ Լեւոն Տանայեան, որմէ ետք Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորական խօսքին մէջ նշեց, որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը Հալէպի մէջ պետական հաստատութեան մը մակարդակով կը գործէ։ Ան բարձր գնահատեց անոր քառորդ դարու երաժշտական գործունէութիւնը՝ ի խնդիր հայ պատանիներու գեղարուեստական դաստիարակութեան ու հոգիի ազնուացման:
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան խօսքով, որ ներկայացուեցաւ Հրաչ Սէրայտարեանի կողմէ։
Նարինէ Գոնճայեան