Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Երկուշաբթի, 25 Յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» Մշակութային Կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յասմիկ Գասպարեանի աւարտական դասարանի աշակերտ Բալիկ Լատոյեանի դաշնակի հաշուետու համերգը` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, դասատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Համերգի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ նշեց, թէ այս համերգը աւարտական աշակերտի բազմամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող առիթ մըն է: Ան ըսաւ, որ Բալիկ Լատոյեան քոլեճի այս տարուան միակ աւարտական աշակերտն է:
Ապա խօսք առաւ աւարտական դասարանի աշակերտ Բալիկ Լատոյեանի ուսուցիչ Յասմիկ Գասպարեան, որ հաստատեց, որ Լատոյեան եղած է աշխատասէր, նպատակասլաց եւ համեստ աշակերտ մը, որուն հետ աշխատիլը հաճելի էր: Գասպարեան աւելցուց, որ Բ. Լատոյեան լիուլի կատարած է իրեն վստահուած պարտականութիւններն ու աշխատանքները:
Լատոյեան նուագեց Պախի, Շոփենի, Շումանի, Պեթհովենի, Պաղտասարեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ: Լատոյեան նաեւ Կոմիտասի «Գարուն ա» ստեղծագործութիւնը նուիրեց իր ուսուցիչին` իբրեւ երախտագիտութեան զգացում: Մենահամերգը փակուեցաւ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի պարը» նուագի կատարողութեամբ:
Պաղտասարեանի ստեղծագործութեան նուագին ջութակով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տեմիրճեան:
Դաշնակի հաշուետու համերգը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ աւարտական դասարանի աշակերտի մենակատարման, փորձառութեան ձեռքբերման եւ բազմամեայ գործունէութեան արդիւնքի միատեղման: Աշխատանք մը, որ միեւնոյն ատեն արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին: