Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ի երեկոյեան Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արմէն Ճենտերեճեանի քամերային երաժշտութեան դասարաններու եւ մենակատարներու ունկնդրութիւն: Ներկայ էին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Գեղարուեստական դպրոցներու խնամակալութեան անդամներ, ծնողներ եւ երաժշտասէրներ:
Ձեռնարկին սկիզբը Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան դրուատեց աշակերտները, անոնց պատրաստուածութիւնը եւ կոչ ուղղեց` միշտ արժեւորելու հարազատ ու ազգային աւանդներն ու մշակոյթը, որովհետեւ այդպիսով կարելի է երաշխաւորել անոնց շարունակականութիւնը: Ան հաստատեց, որ քոլեճի աշակերտներուն յառաջդիմութիւնը զգալի է, իսկ ասիկա կարելի է պահել հետեւողականութեամբ եւ ժրաջան աշխատանքով:
Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ Արմէն Ճենտերեճեանի ի գործ դրած ջանքին, յատկապէս քամերային դասարաններու գործունէութեան մէջ ունեցած մեծ ներդրումին մասին: