Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» կեդրոնի սրահին մէջ: Ելոյթի պարուսոյց ու գեղարուեստի պատասխանատուներն էին Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններ, որոնց բծախնդիր ջանքերով ու պատասխանատուութեամբ յաջողութեամբ իրականացաւ ձեռնարկը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ ողջունեց ներկաները Համազգայինի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի տարեկան ելոյթին առիթով եւ ըսաւ, որ Համազգայինի արուեստի բոլոր դպրոցները հայաշունչ եւ հայատրոփ մշակութային գիտելիքներու եւ ուսուցման կրթօճախներ են: Ան յայտնեց, որ «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցը այս տարի հանրութեան կը ներկայանայ այլ ոճով եւ արուեստի բազմապիսի ճաշակով ու երանգով: Ելոյթի իրականացման մէջ մեծ բաժին ունեցան տէր եւ տիկին Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները: Գապասագալեան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց պարուսոյցներուն, Աննա Ամասիին, ծնողական օժանդակ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսացան ելոյթի յաջողութեան եւ իրականացման: