Դժուար է հաւատալ, թէ արդէն չորս տարիներ անցած են այն օրէն, երբ Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի անդամ Ռազմիկ Մնացականեան կը ներկայացնէր Խմբակի առաջին հաւաքին նիւթը՝ Վահան Տէրեան, 19 Փետրուար, 2012ին։ Քիչեր համոզուած էին, որ Հաւաքներու շարքը կրնայ գոյատեւել. շատեր դիտել կու տային, որ այսօրուան երիտասարդը գրականութեամբ չէ հետաքրքրուած, լեզուն դժուար կը հասկնայ եւ որ մեր գրականութեան մէջ շօշափուած նիւթերը ընդհանրապէս մատչելի չեն այսօրուան երիտասարդին։ Ի հարկէ, այս բոլորը կրնան ճիշդ ըլլալ. սակայն, բնաւ պատճառ պէտք չէ ըլլան չփորձելու, ջանք չթափելու, երբ նպատակին՝ հայ երիտասարդին եւ հայ գրականութեան միջեւ կամուրջ ստեղծելու կարեւորութեան հաւատացողը կայ։ Եւ ահաւասիկ այդ փորձը իր արդիւնքը կը շարունակէ տալ մինչ օրս. Տէրեանէն անցանք դէպի Հ. Սահեան, Ա. Ահարոնեան, Սիամանթօ, Ա. Ծառուկեան, Գ. Էմին, Պ. Դուրեան, Յ. Թումանեան, Յ. Շիրազ, Վ. Դաւթեան, Գ. Զօհրապ, Յ. Պարոնեան, Զ. Եսայեան, Զ. Ասատուր, Ջիվանի, Վ. Շուշանեան, Դ. Վարուժան, Ռուբէն Զարդարեան.... շարքը երկար է գրողներուն, որոնց ստեղծագործութիւններն ու գրական յատկանիշները ներկայացուցին գաղութիս գրասէրներ երիտասարդները, անցած երեսունհինգ հաւաքներուն ընդմէջէն, մերթ ընդ մերթ մասնակից դարձնելով նաեւ մեր խոստմնալից փոքրերը։ Զրուցեցինք բազմաթիւ նիւթերու շուրջ, ներառեալ՝ հայ լեզուի անցեալը, ներկան ու ապագան եւ այսպէս, Հաւաքները իրենց թեւերը լայն բացին, ընդգրկելու համար մեր գրականութեան բոլորը խաւերը՝ արեւմտեան, արեւելեան թէ սփիւռքեան. կարգը հասաւ Գէորգ Ճորճ Աբէլեանի։
Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 13 Մարտ 2016-ի յետմիջօրէին ծայր առաւ Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հինգերորդ տարեշրջանի առաջին Հաւաքը, իբր նիւթ ունենալով Գրող եւ ուսուցիչ՝ Գէորգ Ճորճ Աբէլեան (1941-2011)։ Աբէլեան կու գար Քեսապէն, իրեն հետ բերելով նաեւ Այնճարի շունչը. զարմանալի չէր ուրեմն, որ ութսունէ աւելի ներկաներուն մեծամասնութիւնը Քեսապէն կամ Մուսա Տաղէն սերած գրասէրներ էին, որոնց մէջ էր այս առիթով Թորոնթօ ժամանած հեղինակին քոյրը՝ Անահիտ Աբէլեան Թութիկեան։ Ներկայացնողն էր Թորոնթոյի ծնունդ,. ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը յաճախած, ՀՄԸՄի Թորոնթոյի մասնաճիւղի Խմբապետուհի եւ երկարամեայ անդամ Համազգայինի «Էրեբունի» Պարախումբին՝ Ռուպինա Սարգիսեան։ Ռուպինա ուսում ստացած է Թորոնթոյի համալսարանին մէջ եւ մօտ ապագային խօսելավարժութեան (speech therapy) պիտի հետեւի. ծնողքը կու գան Քեսապէն։