Ալեքսանտրուպոլսոյ Համազգայինի «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղը, իր երկար տարիներու կեանքին մէջ, տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ աշխատանքներով, միշտ ալ ազդեցիկ ներկայութիւն եղած է համայնքային-գաղութային կեանքէն ներս։ Մշակութային ձեռնարկներով, գեղարուեստական յայտագիրներով, քայլարշաւներով եւ հրատարակչական նախաձեռնութիւններով, հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման նպաստած է, հիւսիսային Յունաստանի Էվրոս նահանգի եւ Թրակիոյ մէջ։
Մասնաճիւղի նոր նստաշրջանի առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ Կիրակի 12 Մարտ 2017-ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կից գտնուող ազգային սրահէն ներս։ Ներկայ եղան Համազգայինի շրջանաւարտ վարչութիւնը եւ մասնաճիւղի անդամներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ Ատրիկ Ստեփանեան, ինչպէս նաեւ Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Գուրպանեան, որ խօսք առնելով շնորհաւորեց Համազգայնական աշխատանքը շրջանէն ներս եւ Թաղային Խորհուրդի քաջալերանքն ու գործնական զօրակցութիւնը արտայայտեց։
Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովին համար Աթէնքէն գործուղղուած էր Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ միութեան գործունէութեան, գործելաձեւի եւ առաքելութեան մասին խօսեցաւ համախմբեալ ներկաներուն, նկատի առնելով որ բաւական մեծ թիւով նոր անդամներ միացած են մասնաճիւղին։